ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայկական բանակը ծնաւ կրակի ու բոցի մէջ, հայրենիքի պաշտպանութեան համար զէնք վերցուցած անզուգական տղաներու համախմբումով, կազմակերպումով:
Իրապէս վահագնեան ծնունդ էր:
Կերտեց յաղթանակ, ստանձնեց սահմաններու պաշտպանութեան առաքելութիւն եւ ահա՛, 18 տարիէ ի վեր, այդ գործը օրէ օր աւելի յուսալի կը դարձնէ:
Այսօր հայկական բանակի օրն է՝ անոր հիմնադրութեան, անոր ծնունդին տարեդարձը:
Շնորհաւորենք մենք զմեզ, որ ունինք մարտունակ բանակ, որ ունինք մասնագիտական բարձր մակարդակով սպայական կազմ, որ ունինք իրեն առջեւ դրուած խնդիրները լուծելու ատակ հրամանատարութիւն:
Ամէնէն կարեւորը՝ շնորհաւորենք մենք զմեզ, որ բանակին հանդէպ անսահման սիրով ու գուրգուրանքով, յարգանքով ու ակնածանքով լեցուած է մեր ժողովուրդը, անոր մէջ տեսնելով այն ուժը, որ միայն ու միայն հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու գործին նուիրուած է՝ հեռու քաղաքական ներքին ամէն տեսակի հաշիւներէ ու գործարքներէ:
Մկրտուած է մեր ազգային բանակը կրակով, Ղարաբաղեան հողի ազատագրման մարտերուն մէջ, եւ հիմա, հասուն իր այս տարիքին, արհամարհանքով կը նայի ատրպեճանական մանկամիտ յայտարարութիւններուն, անպատասխանատու ազերի իշխանաւորներու ապառնալիքներուն, որոնցմով ամէն օր կը փորձեն ահաբեկել սահմանային խրամատներուն մէջ ամուր ու անյողդողդ կանգնած հայ զինուորը:
Շնորհաւորութիւններ բոլորիս՝ Հայկական բանակի օրուան առիթով:
Անփորձանք թող ծառայեն մեր տղաքը ու վերադառնան տուն, իրենց ծնողներուն, աշխատին ու ծաղկեցնեն իրենց արիւնով երաշխաւորուած խաղաղ երկիրը: Մենք ազգովին պարտաւոր ենք այդ տղոց համար ապահովել արդարութեան, բարոյականութեան վրայ հիմնուած երկիր-պետութիւն, ուր իրենց զոհաբերութիւնը կ՛արժեւորուի, կ՛իմաստաւորուի լիովին: Աշխատինք արդար հասարակարգի ստեղծման ի խնդիր, ու ատիկա լաւագոյն շնորհաւորանքը կ՛ըլլայ մեր բանակին: