ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Հոլիվուտի մարդահամարի գրասենեակը, որ արդէն իսկ Յունուար 21էն ի վեր, Միացեալ Նահանգներու այս տարուան մարդահամարին հետ կապուած սպասարկութիւններ կը տրամադրէ, տեղեկացուց, թէ աշխատանքի կարելիութիւններ գոյութիւն ունին Հոլիվուտի տարածաշրջանէն ներս:
Դաշնակցային կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու տարածքին 2010ի մարդահամարին համար պէտք ունի հարիւր հազարաւոր աշխատողներու:
Վարձուող պաշտօնեաները պիտի ստանան բարձր աշխատավարձք՝ վճարովի շաբաթական դրութեամբ, ու կարելիութիւնը պիտի ունենան աշխատելու իրենց բնակարաններուն մօտակայքը, յարմար ժամերով:
Յատկանշական է, որ կառավարութիւնը վերապատրաստութեան ժամանակին համար հատուցում պիտի կատարէ, ինչպէս նաեւ պիտի վճարէ ճանապարհածախսը ու աշխատանքին հետ կապուած այլ ծախսեր:
Կարեւորագոյնը սակայն, որ այս աշխատանքին միջոցաւ պիտի կարենանք նպաստել հայկական համայնքին, որ յաջողութեամբ ամբողջացնէ 2010ի մարդահամարը՝ կարելի եղածին չափ հայութեան ամբողջական թիւը արտացոլացնելով Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային իշխանութիւններուն մօտ:
Ժամական 12.75էն 18.50 տոլարի հատուցումով աշխատանքներ ապահովելու համար, պէտք է յաջողութեամբ անցնիլ այս նպատակով պատրաստուած քննութիւններէն: Քննութիւնները տեղի կ՛ունենան հետեւեալ հասցէներուն եւ ժամանակներուն.
– National Charity League 5000 Hollywood Blvd., Los Angeles, CA 90027
Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերը՝ երեկոյեան ժամը 5:30ին,
Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի օրերը՝ երեկոյեան ժամը 7ին:
– Seventh Day Adventist Church՝ 1711 Van Ness Ave., Los Angeles, CA 90028
Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը՝ առաւօտեան ժամը 10:30ին:
– Հայկական «Ֆորտ» վարորդական դպրոց՝ 5107 Hollywood Blvd., Los Angeles, CA 90027
Շաբաթ օրերը՝ առաւօտեան ժամը 11:30ին:
Քննութեան պէտք է ներկայանալ նշեալ ժամանակէն կանուխ, ամերիկեան անցագիրով (passport): Անցագիր չունեցողները իրենց հետ պէտք է տանին վարորդական վկայագիր ու ընկերային ապահովութեան քարտ (Drivers license & Social Security card):
Միացեալ Նահանգներու Մարդահամարի գրասենեակը կը շեշտէ, թէ խտրականութիւն չի դներ գործի դիմող քաղաքացիներուն միջեւ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.2010censusjobs.gov համացանցային կայքը, ուր զետեղուած է նաեւ փորձ-քննութիւն մը: Կրնաք նաեւ դիմել (866) 861-2010 թիւին: