ԼՈՆՏՈՆ, «Փանորամա».- Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն, Լոնտոնի մէջ ԱՄՆ պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթընի հետ հանդիպման ընթացքին, Ռուսիոյ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը հեշտ չէ, բայց խնդիրը լուծելու համար առկայ է կողմերուն ցանկութիւնը:
«Մենք խօսած ենք Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի կարգաւորման մասին, քանի որ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսայի հետ համատեղ, կը հանդիսանան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի անդամ», ըսած է Լաւրով եւ յիշեցուցած, որ Յունուար 25ին Սոչիի մէջ կայացած է Ռուսիոյ, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը: «Մենք անոր արդիւնքներուն վերաբերեալ գնահատականներ փոխանակած ենք», նշած է Լաւրով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.