ԹԻՖԼԻՍ.- Վրաստանի Հանրային հեռատեսիլի կայանէն սփռուող հայերէն ծրագիրը արդէն 3 ամիսէ ի վեր դադրած է: Նոյն վիճակին մէջ են նաեւ միւս փոքրամասնութիւններու ազգային լեզուով արձակուող հաղորդումները:
Թիֆլիսի հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ, հայերէն ծրագրի երկրպագուները իւրաքանչիւր անցնող անհատի հարց ուղղած են. «Չգիտէ՞ք երբ կը լինի հաղորդումը»: Ծերունի մը պատասխանած է. «Ամէն Չորեքշաբթի միացնում եմ հեռուստակայանը՝ ակնկալելով հայերէնով լուրեր լսել. ես իրաւունք ունեմ իմ լեզուով հաղորդում լսել. շաբաթը կէս ժամ էլ չլինի՞, ամօթ չի»։
Այս գծով, «Հաղորդումները ժամանակաւորապէս դադարեցուել են՝ հաղորդման ձեւաչափը փոխելու նպատակով», յայտնած է պատկերասփիւռի հայկական ծրագիրի խմբագիր Սուսաննա Խաչատրեան։
Մեծ թիւով թիֆլիսահայեր ստորագրած են սոյն դիմումը, որով խնդրած են վերականգնել հայերէնով հաղորդումը:
Տեղին է յիշել, որ Եւրոխորհուրդը պահանջած էր Վրաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանէն, որ ազգային փոքրամասնութիւններուն համար ժամ յատկացնէ:
Հայակական ծրագիրը կը սփռուէր շաբաթը մէկ անգամ, շուրջ 30 վայրկեան տեւողութեամբ: Նշենք, որ Վրաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանի խորհուրդը վերջերս խոստացած է պաշտօնապէս յայտարարել իր նոր որոշումին մասին: