ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Առաւօտեան ժամու մը, ծովեզերեայ սրճարանի մը մէջ բարեկամի մը հետ սովորական մեր սուրճը կ՛առնենք եւ օրուան լրագիրը կը թերթատենք: Ընկերակիցս կ՛ընդհատէ ընթերցումը ու ջղային շարժումով «Ազատ Օր»էն սիւնակ մը մատնացոյց կ՛ընէ եւ կը յանձնարարէ որ կարդամ:
Շրջանակի մէջ դրուած հարցախոյզ մըն է, Երեւանի մէջ պատահական քանի մը անցորդ քաղաքացիներու ուղղած սա հարցումով.
– Եթէ հնարաւորութիւնն ունենայիր կը լքէի՞ր Հայաստանը եւ կ՛ուզէի՞ր ապրիլ այլ երկրի մը մէջ:
Հարցումը որքան անհեթեթ, նոյնքան մռայլ ու մռայլացնող են պատասխանները:
Ոմանք Հայաստանի մէջ մնալու հաստատամտութիւն կը դրսեւորեն, բայց իրենց պատասխանները կը ձեւակերպեն հայրենասիրական հռետորութեամբ մը, յայտնօրէն զոհողութիւն մը կատարած ըլլալու եւ «պռաւօ»ի մը արժանանալու հոգեբանութեամբ:
Բարեկամիս կողմէ ընդգծուած երկու պատասխանները կ՛առանձնանան եւ իրենց անկեղծութեամբ կը մատնեն նաեւ …«հաստատամիտ»ներուն չարտայայտած ներքին անձկութիւնը:
Երկուքն ալ հարցումին կը պատասխանեն կարճ ու կտրուկ հարցումներով, որոնց մէջ իսկ պարփակուած են մղձաւանջային պատասխանները, միաժամանակ կը կազմեն ահազանգ մը՝ հայրենի քաղաքական ղեկավարութեան համար:
Պատասխաններէն մին՝ «Սա երկի՞ր էք հաշւում դուք», իսկ միւսը թէ՝ «Ես որոշած եմ հոս մնալ, բայց չեմ գիտեր եթէ զաւակներս շնորհակալ պիտի ըլլա՞ն ինծի, իմ որոշումիս համար, թէ ո»չ…
Բարեկամս թափ կ՛առնէ.
– Ազատագրական պայքարի յաղթական յառաջխաղացքէ ու Ղարաբաղի ազատագրութենէն, ինչպէս նաեւ այնքան երազուած անկախութեան վերատիրանալէ ետք, Հայաստանի բնակիչները փոխանակ հպարտութեան ամուր պատուանդանի վրայ կենալու, խորունկ բեկում կ՛ապրին այն աստիճան, որ հայրենիքի մէջ մնալը մեծ զոհողութիւն կը համարեն, նոյնիսկ՝ «սա այլ երկի՞ր էք հաշւում դուք»…: Կարծես արդէն հոգիով մեկնած են երկրէն, իսկ հայրենի ղեկավարութիւնը կենցաղով ու վարքուբարքով ժողովուրդին մէջ ու հետ ըլլալու եւ զայն հոգեփոխելու փոխարէն, նոյնպէս պարպուած ազգային հպարտութենէ, հետամուտ է ձեռնթափ քաղաքականութեան մը, եւ կը յուսայ Հայաստանի բարգաւաճումը… Էրտողանի բարեացակամութենէն: Երբ այս բոլորը կը տեսնեմ, կը լսեմ, կը կարդամ, հարցական մը կը հարուածէ միտքս. Քսան տարի ետք, եթէ հաշուեկշիռ մը կատարելու ըլլանք կը համարենք որ մենք յաղթանակա՞ծ ենք, թէ պարտեալ ենք»…:
– Կը չափազանցես, բարեկամիս թափը կը փորձեմ կասեցնել, անհեթեթ հարցախոյզ մը պատճառ չըլլայ անհեթեթ եզրակացութեան:
– Անհեթեթութիւն չէ, այլ ողբերգութիւն է, կը շարունակէ իր թափին մէջ, քանի որ հարցումը կայ, կը նշանակէ թէ հոգիներուն մէջ երազ չէ մնացած, ինչ որ աւելի ահաւոր է, քան ճգնաժամային պայմաններն են: Երբ երազ չկայ, տոկալու կամք ալ չկայ եւ ատոր համար ալ կը նախընտրուի թափառական դառնալ տարբեր-տարբեր երկիրներու մէջ:
– Ի՞նչ ընենք, կը մրմռամ, թափառական դառնալը թերեւս մաս կը կազմէ ազգային մեր «բարեմասնութիւններուն»: Շա՜տ տարիներ առաջ, պատանեկութեանս գիրք մըն ալ կարդացած եմ՝ «Թափառական հայը»: Այնպէս կը թուի, որ կռունկին կարօտը կը կրծէ մեզ եւ այդ է պատճառը, որ կը նախընտրենք պանդխտութիւնը:
Կը ձեւացնեմ, որ ինծի համար փակուած է նիւթը եւ իբր թէ վերադարձած եմ լրագրիս ընթերցումին, բայց կը մտածեմ թէ բարեկամիս ախտանշած հոգեկան «բեկումը» յատուկ չէ միայն հայրենաբնակ քաղաքացիին, այլ վարակած է նաեւ սփիւռքի հայը. վկայ՝ անպատասխան մնացած իր հարցականը.- «Քսան տարի վերջ յաղթանակա՞ծ ենք, թէ պարտեալ ենք»…:
Կը մտաբերեմ նաեւ անհեթեթ հարցականը ուրիշի մը, քանի մը ամիս առաջ, ճշգրիտ՝ Հոկտեմբերին, Պէյրութի մէջ, ուր տարին մէկ-երկու կ՛այցելեմ եւ ամպայման հանդիպումներ կ՛ունենամ մանկութեան ընկերներու հետ:
Այդ հանդիպումներէն մէկն է ընկերոջ մը աշխատատեղին, պայմանական սուրճի-սիկարեթի ըմբոշխնումով: Ներկայ է նաեւ ինծի անծանօթ երրորդ անձ մը: Չըլլալիք «արձանագրութիւնները» նոր ստորագրուած են Ցիւրիխի մէջ: Բնական է որ զրոյցը կ՛ընթանայ այդ ուղղութեամբ:
Պահու մը, ինծի անծանօթ անձն է.-
– Կը յիշէ՞ք, կ՛ըսէ, փոքր էինք, հազիւ պատանի: Մայիս 28ի տարեդարձի տօնակատարութիւններուն դաշնակցական բանախօսները խօսքն ուղղելով Քրեմլինին՝ յաճախ կը կրկնէին Վահան Նաւասարդեանի դիպուկ մէկ յայտարարութիւնը.- «Ի զուր է ՀՅԴի դէմ համայնավար ձեր վարչակարգին պայքարը: Եթէ կ՛ուզէք ջնջել Դաշնակցութիւնը եւ հայու հոգիէն արմատախիլ ընել զայն, ապա ուրեմն անկախութիւնը վերադարձուցէք Հայաստանին»:
– Կը յիշեմ, կը պատասխանեմ, անկախ պետականութիւնը գերագոյն նպատակ է. ազգ մը ա՛զգ է, երբ պետութիւն ունի կամ պետութեան կը ձգտի: Այլապէս ի՞նչ. Լեվանթէ՞ն, գնչո՞ւ:
– Այդ պարագային ի՞նչ ենք մենք, սփիւռքի հայերս, որ ոչ պետութիւն ունինք եւ ոչ ալ պետութեան կը ձգտինք այլեւս, կը յարէ «անծանօթը» քիչ մը հեգնական, ապա կը շարունակէ.
– «Ամէն պարագայի գիտեմ, որ Դաշնակցականներուդ համար սրբութիւն-սրբոց է անկախութեան գաղափարը: Ենթադրական հարցական մը ունիմ, որուն պատասխանը կ՛ուզեմ լսել: 1990ական թուականներուն եթէ գիտնայիք, որ Հայաստանի վերանկախացումին պիտի հետեւի մէկ-մէկուկէս միլիոն հայերու արտագաղթը Հայաստանէն եւ մնացողներն ալ հոգիով պիտի մեկնին երկրէն, ի՞նչ կեցուածք պիտի որդեգրէիք: Անկախութեան եւ հայաթափման միջեւ ընտրութիւն մը պիտի կարենայի՞ք կատարել»…:
Կ՛անդրադառնամ, որ «փակոցի» մը հետ է գործս, որով ստիպողական ժամադրութիւն մը պատրուակելով ոտքի կ՛ելլեմ, անպատասխան ձգելով հարցականը:
Ի՞նչ պատասխանէի: Որեւէ պատասխան աւելի ահաւոր պիտի ըլլար, քան հարցումին անհեթեթութիւնն էր:
Չէ՞ք կարծեր: