(Հեղինակ՝ Գէորգ Աբէլեան-Ձիւնակեան)
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Քանի մը ամիս առաջ, 2009ի աշնան, Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարանէն (Պէյրութ) լոյս տեսաւ գունազարդ պատկերներով գողտրիկ գրքոյկ մը. խորագիրն է «Նետենք, Բռնենք». հեղինակ՝ ծանօթ հրապարակագիր ու գրող Գէորգ Աբէլեան, «Ազդակ»ի սիւնակներուն ճամբով ընթերցողներուն ծանօթ՝ Ձիւնական գրչանունով։
Հեքիաթանման չորս պատմութիւններ ընդգրկող հատոր մըն է «Նետենք, Բռնենք»ը, որ հաճելի ընթերցում կը խոստանայ թէ՛ պատանիին եւ թէ չափահաս ընթերցողին։ Քեսապցի Գ. Աբէլեան ձեւով մը երախտիք մը կը մատուցանէ իր ծննդավայրին, որովհետեւ պատմութիւններուն միջավայրը Քեսապն է, երեւակայութեամբ պարուրուած, եւ ոչ թէ բուն Քեսապը։
Նախքան հատորին մանրամասնութիւններուն մասին խօսելը, պահ մը կանգ առնենք Գէորգ Աբէլեանի գրիչի վաստակին առջեւ։ Ինչպէս նշեցինք, ան «Ազդակ»ի բազմամեայ աշխատակիցն է իր երգիծախառն եւ այլ յօդուածներով, ուրկէ մեղմ կամ սուր սլաքներ կ՛արձակուին լիբանանեան, հայրենի թէ միջազգային դէմքերու, յոռի երեւոյթներու ու դրոյթներու հասցէին։ Գ. Աբէլեան հեղինակն է նաեւ քանի մը այլ հատորներու, որոնցմէ ամէնէն ուշագրաւն ու կոթողականը՝ «Ցկեանս Նահատակութիւն» հատորն էր, լոյս տեսած՝ մօտաւորապէս հինգ տարի առաջ, ուր մէկտեղուած էին ողբերգական ու յուզիչ պատմութիւնները Ցեղասպանութենէն փրկուած ու հարկադրաբար իրարմէ բաժնուած հարազատներու, որոնք զիրար կը վերագտնեն տասնամեակներ ետք, յաճախ պատահաբար, բանալով առաջին ողբերգութիւնը շարունակող էջեր ու ծալքեր։ Հատորը թարգմանուեցաւ քանի մը լեզուներու, եւ կրնայ ոչ-հայ բարեկամներու տրուելիք գեղեցիկ նուէր մը ըլլալ, միաժամանակ հատու պատասխան մը՝ Ցեղասպանութիւնն ու անոր հետեւանքները ուրացող Թուրքիոյ իշխանութիւններուն։
Ահա նոյն այս հեղինակն է որ, իբրեւ հեքիաթասաց՝ կը ներկայանայ «Նետենք, Բռնենք»ով, որ թէ՛ իբրեւ նիւթ եւ թէ մատուցում, աւելի «թեթեւ» եւ դիւրամատչելի գործ է։ Կ՛ընդգրկէ չորս հեքիաթ՝ «Ձկնորսութիւն Լերան Կատարին», «Թռչող Հորթը», «Թզենիին Թռչունները» եւ «Թռիչք դէպի Ոսկի Քաղաք»։ Մեր ժամանակներու տարրեր օգտագործող հեքիաթներուն գլխաւոր հերոսն է Որսորդ Արթոն, գործակից ունենալով իր էշը, իսկ երկրորդական հերոսներ են գիւղացի տիպարներ, ինչո՞ւ չէ նաեւ Կասիոս լեռն ու բնութեան այլ ներկայացուցիչներ։
Խորագիրէն սկսեալ, նաեւ մուտքի էջին մէջ, հեղինակը արդէն կը նախապատրաստէ ընթերցողը, թէ ինչպիսի՞ մթնոլորտի մէջ արկածախնդրական դրուագներու պիտի առաջնորդէ զինք։ Որսորդ Արթոն երգիծական տիպար մըն է ըստ էութեան, որ, հեղինակին բառերով, սովորութիւն ունի իր քաջագործութիւններուն ու որսորդական արկածախնդրութիւններուն մասին երկար պատմելու, ու եթէ հաւատացող ալ չունենայ, ինք կը հաւատայ պատմածներուն։
Պատմութիւնները հեքիաթային դարձնող տարրերն են, հիմնականին մէջ, գերբնական դէպքերն ու չափազանցութիւնը։ Օրինակ, առաջին պատմութեան մէջ, Որսորդ Արթոն լերան գագաթը, անջրդի տեղ մը, կաքաւի տեղ ձուկ պիտի որսայ, որովհետեւ, Տորք Անգեղին պէս, հսկայ ժայռ մը լերան գագաթէն ծովը պիտի գլորէ, ու բարձրացող ալիքները, մինչեւ լերան գագաթը հասնելով՝ ձուկ պիտի տեղացնեն Արթոյին համար։
Որոշ չափով կը յիշեցնէ Յ. Թումանեանի «Սուտլիկ Որսկան»ին մթնոլորտը, սակայն հոս որսորդը առատ որս ունի։ «Թռչող Հորթը» պատմութեան մէջ, որսորդական հրացանը պիտի օժտուի այնպիսի ուժով մը, որ մէկ հարուածով արմատախիլ պիտի ըլլայ ծառ մը, իսկ հսկայ թթենիի մը վրայ թառած բազմահարիւր թռչուններ վար պիտի թափին՝ խնճոյքի լաւ առիթ մը ստեղծելով զուարճութեան ու կեր ու խումի պատրաստ գիւղացիներուն համար։ Նոյն տեղը, հերոսին արձակած ինը փամփուշտներէն ութը վար պիտի ձգէ ութ թռչուններ, իսկ իններորդը պիտի շարունակէ թռիչքը, պիտի չգտնէ իր որսը ու, Սասունցի Դաւիթին արձակած կոտին պէս, մինչեւ օրս ալ պիտի շարունակէ իր թռիչքը։ Տակաւին, հսկայ թռչուն մը, զիրար հալածող գերմանական ու անգլիական օդանաւերէ աւելի բարձր թռիչք կատարելով՝ Որսորդ Արթոն պիտի տանի Ոսկի Քաղաքը, ուր առարկաներն ու գործիքները ոսկիէ շինուած են, բնակիչները բարեսիրտ են ու առատաձեռն։ Սա Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներէն՝ «Ոսկի Քաղաքը» չէ, ուր ոչինչ ոսկի էր, այլ աշխատանքն ու անոր արդիւնքն էին ոսկի։
Հեքիաթի յատկանիշներէն ներկայ է նաեւ բարութիւնը՝ բարիք ընելու ցանկութիւնն ու կիրարկումը, որոնք այլապէս կը կազմեն հեղինակին ներաշխարհին հայելին։
Հեքիաթները հիւսուած են թեթեւ երգիծանքով, զուարթախոհութեամբ, որոնք կը կազմեն Գ. Աբէլեանի գրականութեան, նաեւ մարդուն հիմնական մէկ գիծը, մնայուն ներկայութեան վերածուած՝ յատկապէս Ձիւնական ստորագրութեամբ իր սիւնակներուն մէջ։ Պատմութիւններուն կ՛ընկերանան գծանկարներ, ուր այժմէականն ու հնամենին (հագուստ, գործիք…) միախառնուած են։ Նկարազարդումը կատարած է Նանօր Հաճեան։
Հատորին պատրաստութեան մէջ, երախտիք ունին փրոֆ. Վարուժան Մազմանեանը եւ ծանօթ մտաւորական Երուանդ Գոչունեանը, որոնց շնորհակալութեան խօսք ունի հեղինակը՝ հատորի բացման էջերուն։