ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ Հայաստանի Թեքուանտօ-քարաթէի դաշնակցութեան, Հայաստանի թեքուանտօ-քարաթէի 6 մարզիկներ յաղթական դուրս եկած են ԱՄՆի Լաս Վեկաս քաղաքին մէջ վերջերս աւարտած նշեալ մարզաձեւի միջազգային մրցաշարին, իսկ 2 ուրիշներ նուաճած են արծաթէ մետալ:
Տիգրան Բադալեան եւ Սուրէն Խուդաբաշեան դարձած են բացարձակ յաղթողներ իրենց հասակային կարգերուն մէջ: Այժմ հայ մարզիկները կը նախապատրաստուին աշխարհի առաջնութեան: