ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Քանի մը տարի առաջ, ամերիկեան օրհնութեամբ եւ աշխարհը աւելի ժողովրդավար դարձնելու պատրուակով տեղի ունեցած Ուքրանիոյ՝ Նարնջագոյն, Վրաստանի՝ Վարդագոյն եւ Լիբանանի Մայրիներու յեղափոխութիւնները, Իրաքի ու Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան արկածախնդրութեանց օրինակով, իրենց ակնկալած արդիւնքը չեն տուած:
Վրաստանի մէջ՝ վարդագոյն վարդերը ճզմուեցան ռուսական հրասայլերու տակ, Լիբանանի մէջ՝ արեւմտամէտ իշխող ուժերը ոչ միայն չկրցան իրենց դիրքերը ամրապնդել անցեալ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն, այլ նահանջ արձանագրեցին, իսկ 2004ին Ուքրանիոյ մէջ ռուսամէտ ուժերը իշխանութենէն հեռացուցած Նարնջագոյն ուժերը, անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն պարտութիւն մը կրելու սեմին կը գտնուին:
Արդարեւ, Նարնջագոյն յեղափոխութեամբ նախագահ դարձած Վիքթոր Եուշչենքոն, որ գրեթէ բացայայտ դաւադրութենէ մը ետք հազիւ մահէ փրկուած էր, չկրցաւ ընտրութեանց երկրորդ հանգրուանին հասնելու համար բաւարար քուէներ ապահովել Յունուար 17ին կայացած ընտրութեանց առաջին հանգրուանին, մինչ անոր դաշնակից Եուլիա Թիմոշենքոն, որ երկրին ներկայ կառավարութեան վարչապետն է, գրեթէ 3 տոկոսի տարբերութեամբ ետ կը մնայ 2004ին իշխանութենէն հեռացուած ռուսամէտ Վիքթոր Եանուքովիչէն:
Երկուշաբթի օր Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին յայտարարած նախնական տուեալներուն համաձայն, ըստ քուէներուն 99 տոկոսին, Եանուքովիչի նպաստ քուէարկած է 48.7 տոկոսը, իսկ Թիմոշենքոյին՝ 45.7 տոկոսը: Մօտաւորապէս 5 տոկոսը «բոլորին դէմ» քուէարկած է: Ընտրութեանց մասնակցած են քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն գրեթէ 70 տոկոսը:
Ընտրութեանց հետեւած ԵԱՀԿի դէտերը շատ դրական կերպով արժեւորած են ընտրութեանց ընթացքը, հակառակ Թիմոշենքոյի կարգ մը բողոքներուն: Երկուշաբթի օր հրապարակուած անոնց հաղորդագրութեան մէջ, ընտրութիւնները նկատուած էին «արհեստավարժ, թափանցիկ եւ անկեղծ»՝ անուղղակիօրէն ընտրութեանց արդիւնքը ընդունելու համար ճնշում բանեցնելով տակաւին լուռ մնացող Թիմոշենքոյի վրայ, որ Երկուշաբթի երեկոյեան յետաձգեց նախատեսուած մամլոյ ասուլիս մը՝ վերջին վայրկեանին:
Հակառակ Թիմոշենքոյի լռութեան, յայտնի է, որ «յեղափոխութիւն» մը եւս դուրս եկած է անյայտ ձեռքերու կողմէ գծուած ճամբէն եւ Քիեւի յաջորդ իշխանութիւնները շատ աւելի սերտ յարաբերութիւներ պիտի հաստատեն Մոսկուայի հետ: