ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Նկատի ունենալով, որ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Ս. Սարգիս զօրավարին տօնը յայտարարած է իբրեւ երիտասարդներու օրհնութեան օր, Ուրբաթ, Յունուար 29ին, Սուրբ Սարգիս զօրավարի նախատօնակին, Հոլիվուտի Ս. Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ պաշտօնէութիւնը երիտասարդներուն պատրատած էր գեղեցիկ անակնկալ մը:
Երեկոյեան հանդիսաւոր ժամերգութեան յաջորդեց Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնի նախատօնակը, որուն ներկայ էին բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնք եկեղեցի եկած էին ստանալու համար եկեղեցիէն ճառագայթող Քրիստոսի օրհնութիւնը, եւ հայցելու համար Սուրբ Սարգիս զօրավարի եւ անոր որդւոյն՝ Մարտիրոսի, բարեխօսութիւնը:
Նախատօնակի աւարտին, Պըրպենքի Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան ներկաներուն ծանօթացուց Սուրբ Սարգիսի վարքը, իսկ Հոլիվուտի Ս. Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան ներկայացուց Սուրբ Սարգիսի տօնի խորհուրդն ու անոր հետ կապուած ազգային գեղեցիկ սովորութիւնները:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ աղաբլիթներուն օրհնութիւնը, ապա օրհնուած աղաբլիթները բաժնուեցան երիտասարդներուն: