ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ռուսիոյ հայերու «Խաչքար» ամսագիրին տուած հարցազրոյցի մը մէջ, ծագումով հայ ֆրանսացի երաժշտահան Միշել Լըկրան, անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ նշած է. «Այն, ինչ կատարուած է 1915ին, անտանելի է եւ անհնարին, իսկ այն, որ Թուրքիան չ՛ուզեր ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կը նշանակէ, որ այդ երկիրը երբեք չ՛ընդգրկուիր եւրոպական հանրութեան մէջ: Այժմ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կը հարթուին. ատիկա լաւ է, սակայն աւելի լաւ պիտի ըլլայ, եթէ Թուրքիան վերադարձնէ Հայաստանի տարածքները, զորս ան գողցած է: Հակառակ անոր, որ ես շատ լաւ կը հասկնամ, թէ որքա՛ն բարդ է ատիկա ընելը»:
Լըկրան նաեւ յայտարարած է, որ թրքական իշխանութիւնները իրեն չեն թոյլատրած այցելել իր նախնիներուն գիւղը, որ կը գտնուի ներկայի Թուրքիոյ տարածքին վրայ: «Թուրքիոյ իշխանութիւնները ծաղրանքով բացատրեցին, թէ՝ հիմա կարելի չէ, յետոյ՝ հնարաւոր է», նշած է Լըկրան, ընդգծելով, որ այդ վերաբերմունքը կապուած է իր հայկական ծագումին հետ: