ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ պատասխանած է Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ Թուրքիոյ օդային տարածքով Մեծն Բրիտանիա թռչելու ընթացքին յղած ուղերձին:
Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ զետեղուած պատասխան նամակին մէջ Կիւլ կը գրէ. «Գոհունակութեամբ կ՛ընդունեմ ուղերձի միջոցով Ձեր արտայայտած միտքերը: Համամիտ եմ, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ մեր երկկողմանի ջանքերը, խաղաղութեան նոր յոյս արթնցնելով հակամարտութիւններով յագեցած մեր տարածաշրջանին մէջ՝ արդարացիօրէն միջազգային հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն: Դրացի մեր ժողովուրդներու միջեւ երկարամեայ նախապաշարումներու յաղթահարումը, փոխադարձ ըմբռնողութեան եւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը, ըստ էութեան, կը ձեւաւորեն մեր երկու երկրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը սատարող գլխաւոր նպատակները: Կրնաք չկասկածիլ, որ քանի դեռ այս մտադրութեան ու պարտաւորութիւններու փոխադարձութիւնը կը պահպանուի, այդ ձգտումները յառաջ տանելու հարցին գծով մեր հաստատակամութիւնը չի պակսիր: Նաեւ համամիտ եմ, որ պատասխանատուութիւն ստանձնած կառավարութիւնը պարտաւոր է տրուած խոստումները վերածելու գործի: Այս ակնածանքով ալ մենք պիտի շարունակենք յառաջ տանիլ բնականոնացման գործընթացը դէպի մեր երկիրներու միջեւ ձեռք բերուելիք միասնական ընկալում: Պէտք է գիտակցինք, որ պատմական նշանակութիւն ունեցող այս գործընթացը իր աւարտին հասցնելու, եւ մեր ստանձնած պարտաւորութիւնները լիարժէքօրէն կատարելու համար, բաւականաչափ քաղաքական համարձակութիւն եւ տեսլական ցուցաբերել կարենալու անհրաժեշտութիւն կայ: Մեր ընդհանուր նպատակը տարածաշրջանին մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն համար յարատեւ խաղաղութիւն, անվտանգութիւն, բարեկեցութիւն եւ համագործակցութիւն բովանդակող ապագայ կերտելն է: Պիտի շարունակեմ առկայ գործընթացով զբաղիլ անձամբ՝ մեր երկիրներուն համար գոհացուցիչ արդիւնքի հասնելու յոյսով»: