ԼՈՆՏՈՆ.- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ, Լոնտոնի Պաքինկհամ պալատին մէջ հիւրընկալուած է Եղիսաբէթ երկրորդ թագուհիին կողմէ:
Հանդիպման ընթացքին, նախագահ Սարգսեան եւ Եղիսաբէթ թագուհին քննարկած են հայ-բրիտանական երկկողմանի յարաբերութեանց զարգացման հեռանկարները, Եւրոպական հասարակարգին Հայաստանի ներգրաւման գործընթացը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող խնդիրներ:
Այնուհետեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան, իր իջեւանած լոնտոնեան հիւրանոցին մէջ ընդունած է Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Միլիպենտի: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-բրիտանական յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային գործընթացին առնչուող խնդիրներ: Ապա, Ուինտզորեան պալատին մէջ կայացած է Հայաստանի հանրապետութեան նախագահի հանդիպումը արքայազն Չարլզի հետ: Սերժ Սարգսեան ներկայ եղած է արքայազն Չարլզի եւ Հայաստանի հանրապետութեան նախկին վարչապետ Արմէն Սարգսեանի կողմէ նախաձեռնուած «Երեւան՝ իմ սէր» նախագիծի մեկնարկը ազդարարող ընդունելութեան եւ անոր յաջորդած համերգին՝ աշխարհահռչակ խմբավար Վալերի Գերգիեւի ու մեցցոսոփրանօ Դարիգա Նազարբաեւայի մասնակցութեամբ:
Ինչպէս նշած էինք, «Երեւան՝ իմ սէր» նախագիծով կը նախատեսուի վերանորոգումը Երեւանի կեդրոնը գտնուող պատմական-ճարտարապետական կարեւոր արժէք ունեցող չորս շինութիւններու, որոնք Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի հոգածութեամբ կը ծառայեն մեր հասարակութեան խոցելի խաւերուն ու օժտուած երեխաներուն:
Արքայազն Չարլզի կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան մասնակցած են նաեւ աշխարհի տարբեր գաղթօճախներէ՝ այդ առիթով Լոնտոն ժամանած բազմաթիւ հայեր:
Նախագահ Սարգսեան Լոնտոնի մէջ նաեւ առանձին հանդիպում ունեցած է իր աշխատանքային այցելութեան կապակցութեամբ Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաք ժամանած հայ գործարարներու եւ հասարակական գործիչներու հետ: Նախագահ Սարգսեան անգնահատելի համարած է Հայաստանի հանրապետութեան ու Արցախի տնտեսական յառաջդիմութեան, Մայր հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի հայկական գաղթօճախներուն մէջ հայապահպանութեան գործին անոնց բերած ներդրումը:
Արթեօք, մեր Նախագահը հրավիրեց՞ Եղիսաբեթ Թագուհին՝ Հայաստան փոխադարձ այցելութեան։
Նախագահը ինչու՞ այսչաբ ծռեր է.