ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի լոնտոնեան ելոյթը ընդհանրապէս դրականօրէն ընդունուած է Հայաստանի քաղաքական շրջանակներուն կողմէ: Նոյնիսկ ընդդիմադիր որոշ գործիչներ գնահատած են նախագահին կեցուածքը Ղարաբաղի հարցով:
Մենք ալ, անշուշտ, կը գնահատենք նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ ղարաբաղեան հարցին վերաբերեալ արտայայտած դիրքորոշումը, եւ ողջունելի կը գտնենք նախագահին այս նախաձեռնութիւնը, որ կը ջանայ Ղարաբաղի հարցին շուրջ միջազգային քաղաքական եւ հանրային կարծիքը ճիշդ ուղորդել:
Ղարաբաղի հարցին շուրջ տարուող բանակցութիւններուն ազգային ինքորոշման իրաւունքի եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներու համատեղութեան մասին վիճողներուն, նախագահ Սարգսեան նոր պատգամ մը փոխանցեց՝ բոլորովին անտեղի դարձնելով Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մասին խօսքը, պարզ այն հաստատումով, որ Ղարաբաղը երբեք ալ մաս չէ կազմած անկախ Ատրպէյճանին եւ որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի եւ խորհրդային միւս երկիրներու նման, անոնց հաւասար իրաւունքը ունէր անջատուելու Խորհրդային Միութենէն ու իր տարածքին վրայ իր անկախ պետութիւնը ունենալու:
Հայաստանի ղեկավարին կողմէ այսպիսի յստակ բանաձեւում կը ներկայացուի միջազգային ընտանիքին, այնպիսի ժամանակ մը, երբ կը սպասուի, որ հայկական եւ ատրպեճանական բանակցող կողմերը իրենց դիրքորոշումները փոխանցեն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին՝ այսպէս կոչուած Մատրիտեան Նոր սկզբունքներուն կապակցութեամբ:
Ահա, նախագահը կը բանաձեւէ հայկական պատասխանը: Տարածքային ամբողջականութեան հարցին արծարծումը՝ Ղարաբաղի հարցին լուծման ուղղութեամբ, անտեղի՛ է: Անհրաժեշտ է Ատրպէյճանը համոզել, որ ընդունի այս իրողութիւնը եւ հաշտուի միջազգային իրաւունքի բոլոր սկզբունքներով ստեղծուած Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւն անունը կրող երկիրը, իբրեւ՝ հարեւան ունենալու գաղափարին հետ, ու փորձէ անոր ղեկավարներուն հետ լեզու գտնելով լուծել իր սահմանային վէճերը:
miayn zenk’e pergets artsakh’e
basta
hg