ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը Երկուշաբթի, Փետրուար 22ին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ թրքական իշխանութիւնները, զբօսաշրջային նկատառումներով, որոշած են վերականգնել Վանի մէջ հայկական երկու վանքեր:
Լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Վանի փոխնահանգապետ Հալիլ Պերք յայտնած է, թէ նահանգապետարանին կողմէ պատրաստուած է նախագիծ մը, որուն համաձայն, կը նախատեսուի վերականգնել Վանայ լիճի կղզիներէն մէկուն վրայ գտնուող հայկական վանք մը, ինչպէս նաեւ Վարագ լերան լանջին գտնուող Վարագավանքը։