ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կիրակի, Մարտ 7ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան պաշտօն, Կ. Պոլսոյ նախկին պատրիարք Շնորհք արք. Գալուստեանի հոգիի խաղաղութեան համար, անոր վախճանման քսանամեակին առիթով։
Հոգեհանգիստը խնդրած են եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը եւ գաղութիս մէջ գործող Պոլսահայերու միութիւնը։ Հոգեհանգստեան պաշ-տօնէն ետք տեղի պիտի ունենայ յոյշ ցերեկոյթ:
Պատարագի, Արեւագալի եւ հոգեհանգստեան պաշտօնի հոգեպարար երգեցողութիւնը պիտի կատարէ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Խաչատուրեան» բազմաձայն երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի։
Շնորհք պատրիարք Գալուստեան եղած է Երուսաղէմի միաբանութեան անդամ, Արեւմտեան թեմէն ներս ծառայած է իբրեւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, ապա՝ իբրեւ թեմի առաջնորդ։ Ան կը հանդիսանայ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ լուսապայծառ դէմքերէն մին։ Իր քարոզներով, հրատարակած բազմաթիւ յօդուածներով եւ գիրքերով, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական բազմաթիւ իրագործումներով, պատրիարք Գալուստեան իր ուրոյն տեղը եւ դերը ունի մեր եկեղեցւոյ վերջին հարիւրամեայ կեանքին մէջ։
Հոգեհանգիստէն ետք, ժողովուրդը սիրով հրաւիրուած է պատրիարք հօր հոգիին համար պատրաստուած հոգեճաշին։ Օրուան քարոզիչն է թեմի նախկին առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեանը, իսկ յոյշ ցերեկոյթին ելոյթ պիտի ունենայ ծուխի հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեանը, Արեմտեան թեմի բազմավաստակ կղերական, դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանը եւ Պոլսահայ միութեան պատասխանատուներ:
Նաեւ, պիտի գործադրուի հոգելոյս պատրիարքին յիշատակին վայել գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիր մը՝ մասնակցութեամբ «Խաչատուրեան» երգչախումբին եւ Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին։
Մանրամասնութեանց համար, դիմել (626) 449-1523 թիւին: