ԷՆՍԻՆՕ.- Հինգշաբթի, Փետրուար 11ին, Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը հիւրասիրութիւն մը կազմակերպած էր, ի պատիւ վերջերս Լոս Անճելըսի 5րդ ընտրատարածքէն քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած Փօլ Քորեցի:
Հաւաքին ներկայ էին շրջանի ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի, ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղի, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի, ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան, ՀԵԴի «Սարդարապատ» ուխտի եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներ ու հոգեւր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանը: Ներկայ էին նաեւ Հայ մշակութային հիմնարկութեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Էնսինոյի թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ, իրաւաբան Նարեկ Կիցինեանը: Ան հայ համայնքին կարեւոր գործակիցներէն մէկը համարեց Քորեցը, որ փաստած է, թէ կրնայ հասնիլ համայնքին կարիքներուն:
Ապա մտերմիկ մթնոլորտի մէջ խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան համայնքի զանազան ներկայացուցիչներուն եւ Քորեցի միջեւ, համայնքը յուզող շարք մը հարցերու մասին: Շեշտուեցաւ յատկապէս քաղաքապետական խորհուրդի անդամի գրասենեակին ընդմէջէն՝ հայ երիտասարդները քաղաքական ու համայնքային կեանքին մէջ աւելի գործօն դերակատարներ դարձնելու կարեւորութիւնը: