ՌԻԹԱ ՀԻՆԴԼԵԱՆ
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- ՀՕՄի Մոնթեպելլոյի «Անի» մասնաճիւղը տօնախմբեց իր 50ամեակը, Փետրուար 21ին, Ս. Խաչ տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ շուրջ 200 կրօնական եւ միութենական ղեկավարներու, բարեկամներու եւ ՀՕՄուհիներու:
Ձեռնարկը սկսաւ ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղի ընկերուհիներէն Հեղինէ Հարպոյեանի Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի ու ՀՕՄի քայլերգներու երգեցողութեամբ: ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի հերթապահ Նազարէթ Ծատուրեան հանգամանօրէն կատարեց ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը եւ իր բացման խօսքով գովքը հիւսեց 100ամեայ ՀՕՄի մեծ ընտանիքին, որ կը շարունակէ կառչած մնալ իր նպատակներուն՝ իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր: Ան յիշեցուց Մոնթեպելլոյի գաղութի կազմութիւնը եւ այդ գործընթացին մէջ դեր ունեցող եւ իր յիշողութեան մէջ մնացած անձնազոհ ու համեստ ղեկավարները, որոնց կարգին էին՝ Եղիշէ եւ Ովսաննա Յակոբեանները (վերջինը Իսկուհի Աբէլեանի հետ ՀՕՄի «Անի» մասնաճիւղի հիմնադրիներէն էր):
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Ս. Խաչ տաճարի հոգեւոր հովիւներուն՝ Նարեկ քհնյ. Փեհլիվանեանի եւ Աշոտ քհնյ. Քամպուրեանի, սեղանները օրհնեց եւ ապա օրհնութեան խօսք փոխանցեց: Սրբազան հայրը «Անի» մասնաճիւղին մասին խօսելով՝ ըսաւ. «Կը խոնարհիմ անոր ծառայութեան եւ վաստակին դիմաց. պատիւ ՀՕՄի բոլոր անդամուհիներուն, որոնք գիտակից են եւ կը զգան, թէ իրենց ծառայած եւ պատկանած կազմը սուրբ գործ կը կատարէ մեր ժողովուրդին եւ մեր ազգին»: Սրբազանը աւելցուց, թէ ՀՕՄի 100ամեակը կը տօնենք, որպէսզի մեր յարգանքը տանք եւ երախտագիտութիւն արտայայտենք, նշելով, թէ Արամ Ա. կաթողիկոսը Հայ կնոջ տարի հռչակած է 2010ն՝ պատուելու համար ՀՕՄի 100ամեայ ծառայութիւնը, հայ կնոջ առաքելութիւնը մեր կեանքէն ներս եւ հայ մօր սուրբ ծառայութիւնը մեր ընտանքիներէն ներս:
Մասնաճիւղին գործունէութեան մասին տեսաերիզի ցուցադրութենէ ետք, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօսի Փօլատեան ըսաւ. ««Անի» մասնաճիւղը, միշտ գիտակից իր պարտականութեան եւ հաւատալով համագործակցութեան, իր հետեւողական աշխատանքով, տարուէ-տարի տարած ծրագիրներով վայելեց իր գաղութին սէրն ու յարգանքը»: Ս. Փօլատեան վարչութեան անունով շնորհաւորեց ՀՕՄի «Անի» մասնաճիւղի 50ամեակը, եւ սրտովին գնահատեց անդամներու եւ վարչութիւններու նուիրական աշխատանքը: Ապա յորդորեց խտացնել ՀՕՄի շարքերը, ներգրաւելով նոր անդամներ եւ ղեկավարներ շարունակելու ՀՕՄի հայապահպանման եւ մարդասիրական աշխատանքները, եւ իր խօսքը երիտասարդ սերունդին ուղղելով՝ կոչ ըրաւ, որ անդամագրուին այս մեծ կազմակերպութեան եւ իրենց երիտասարդական եռանդը շաղախեն փորձառու ընկերուհիներու աշխատանքներուն, միասնաբար, առաւել եռանդով՝ ՀՕՄի յաջորդ 100ամեակը երաշխաւորելու համար:
Սօսի Փօլատեան հրաւիրեց «Անի» մասնաճիւղի ատենապետուհի Նուարդ Մուրատեանը եւ Շրջանային վարչութեան մասնաճիւղի կապը՝ Անի Կիրակոսեանը, որպէսզի յուշատախտակ մը յանձնէ վարչութեան անունով: Ապա Ն. Մուրատեանը իր սրտին խօսքը ուղղեց՝ վեր առնելով մասնաճիւղին ներդրումները Մոնթեպելլոյի գաղութէն ներս, յատկապէս դպրոցաշինական եւ եկեղեցաշինական մարզերուն մէջ, մաղթելով, որ մասնաճիւղը բարգաւաճի եւ նորանոր իրագործումներով կատարէ իրեն վստահուած ծանր պարտականութիւնները: Նուարդ Մուրատեանի խնդրանքով, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը մասնաճիւղի հանգուցեալ անդամներուն:
Մոմավառութեան մասնակցեցան ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեանը եւ անդամ Նովա Հինտոյեանը, ապա՝ Շրջանային եւ մասնաճիւղերու, կոմիտէութեան, Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց միութեան ներկայացուցիչները, անդամուհիները եւ բարեկամները, ներառեալ՝ հանգուցեալ Լուսիկ Տէր Մինասեանի երկու ծոռերը:
Ինչպէս Ս. Փօլատեանը ըսաւ, «Գնահատելի է 50 տարիներ հաւատարմօրէն իր ազգին ծառայած եւ կեանքի ելեւէջներուն յաղթահարած մասնաճիւղի մը գործունէութիւնը»:
Կէցցէ՛ ՀՕՄը: