ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացը առաջ մղելու նպատակով, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ջանքերուն ցարդ ամենայատկանշական քայլը Կիրակի օր բացայայտուեցաւ, երբ հաղորդուեցաւ, թէ Իսրայէլ եւ Պաղեստինեան իշխանութիւնը վերջապէս համաձայնած են վերադառնալու անուղղակի բանակցութիւններուն, որոնք 14 ամիսներէ ի վեր ընդհատուած էին:
Բանակցութիւններուն վերադառնալով՝ պաղեստինցիները յատկանշական զիջում մը կատարեցին, որովհետեւ անոնք նախապէս կը պնդէին, թէ բանակցութիւններուն պիտի վերադառանան միայն այն ատեն, երբ Իսրայէլ ամբողջովին կասեցնէ պաղեստինեան գրաւեալ հողերուն վրայ հրէական բնակեցման վայրերու ապօրինի կառուցումը:
Իսրայէլ ցարդ նման խոստում մը չէ կատարած, սակայն անոր փոխարէն, տեղի տալով ամերիկեան ճնշումներուն, անցեալ Նոյեմբերին որոշած էր մասնակիօրէն սառեցնել շինարարութիւնները, միաժամանակ պնդելով, թէ շինարարութիւնները պիտի շարունակուին արեւելեան Երուսաղէմի մէջ, հակառակ այն իրողութեան, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը արեւելեան Երուսաղէմը կը նկատէ ապագայ Պաղեստինի մայրաքաղաքը:
Բանակցութեանց վերադառնալու համաձայնութեան ստեղծած լաւատեսութիւնը երկար չտեւեց, որովհետեւ Երկուշաբթի օր իսկ, մինչ Իսրայէլ կը ժամանէր Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճոզէֆ Պայտըն, որ ցարդ Իսրայէլ այցելող ամենաբարձրաստիճան պաշտօնատարն է Օպամայի վարչակազմէն, Թել Աւիւ յայտարարեց, թէ գրաւեալ Արեւմտեան Ափին մէջ իսրայէլացիներու համար 112 նոր բնակարականներ կառուցելու որոշում տրուած է:
Այս պայմաններուն տակ կարելի չէ չհամաձայնիլ պաղեստինցիներու այն յայտարարութեան, թէ՝ Իսրայէլի այս որոշումը տակաւին չսկսած բանակցութիւնները ձախողութեան մատնելու փորձ մըն է պարզապէս: