ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայաստանի եւ Արցախի դպրոցներուն օժանդակութիւններ տրամադրող Միացեալ Նահանգներու Հայ վարժարանի հիմնարկը Յունուար 24ին, ՀՄԸՄ «Արարատ»ի սրահին մէջ տեղի ունեցած հաւաքոյթի մը ընթացքին պատուած է իր վարչութեան երկարամեայ անդամներ Անահիտ Սարեանն ու Ժանէթ Միրզայեանը՝ իրենց արժէքաւոր ներդրումին համար:

Ձեռնարկին ընթացքին, վարչութեան ատենապետ Արմէն Աբրահամեանը տեղեկութիւններ փոխանցեց անցեալ տարուան ընթացքին իրականացած ծրագիրներուն մասին, որոնց շարքին էր Օննիկ եւ Մարիէթ Մուրատեաններու նուիրատուութեան շնորհիւ՝ Արմաւիրի երկու վարժարաններուն նոր սարքաւորումներու առաքումը: Ան աւելցուց, թէ 2009ին վեց գիւղերու վարժարաններուն տրամադրուած է երկու աթոռնոց 411 գրասեղաններ, նաեւ ուսուցիչներու յատուկ 58 գրասեղաններ ու աթոռներ:
2003ին հիմնուած Հայ վարժարանի հիմնարկը ոչ շահաբեր միութիւն մըն է, որ Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ 200 դպրոցներու ցարդ տրամադրած է 9000 կահկարասիներ: Անոր գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.armeniaschoolfoundation.org համացանցային կայքը: