ՀԲԸՄը կը տեղեկացնէ, թէ տրամադրելի են հայ համալսարանական ուսանողներու յատուկ շարք մը կրթանպաստներ:
Անոնցմէ մէկն է Պսակաւոր վկայականի տիրանալէ ետք իրենց ուսումը շարունակող հայ ուսանողներու յատուկ կրթանպաստը, որ տրամադրելի է Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի կամ հոն օրինական բնակութիւն հաստատած ուսանողներու: 1500-7500 տոլարի կրթանպաստներուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.agbu.org/downloadableforms/AGBU_Fellowships_US.pdf համացանցային կայքէջը:
Դիմումի պայմանաժամը Ապրիլ 15ն է: Նաեւ, կատարողական արուեստներու մարզին հետեւող հայ ուսանողներ (բացի Հայաստանի մէջ ուսանողներէն) կրնան 1000-5000 տոլարի կրթանպաստ ստանալ: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.agbu.org/downloadableforms/AGBU_Performing_Arts_Fellowship.pdf կայքէջը: Դիմումին պայմանաժամն է Մայիս 15:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.