ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Ըստ Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Անտրէ Նեսթերենքոյի, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլեաքովի փոխարինումը ոչ մէկ ձեւով պիտի ազդէ խումբին մէջ Ռուսիոյ դիրքորոշման վրայ:
Նեսթերենքօ հաւաստած է, որ Եուրի Մերզլեաքով ստացած է դիւանագիտական նոր նշանակում. «Ռուսիոյ նոր համանախագահը ոչ պակաս եռանդագին պիտի կատարէ իր պարտականութիւնները», յոյս յայտնած է Նեսթերենքօ՝ աւելցնելով. «Մինսկի խումբին մէջ Ռուսիոյ դիրքորոշումը անոր ներկայացուցիչներով չ՛որոշուիր: Անիկա կ՛որոշէ Ռուսիոյ նախագահը, եւ կը գործադրուի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ»։
Ռուսիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչը նշած է նաեւ, որ չ՛արժեր ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը ուղղակիօրէն շաղկապել հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հետ:
«Մենք կը հասկնանք, թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացները գործնականօրէն չեն կրնար որոշ ազդեցութիւն չգործել իրարու վրայ», ըսած է Նեսթերենքօ, ըստ որուն, անհրաժեշտ է ամէն ինչ ընել, որպէսզի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը չդառնայ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին պատանդը, եւ որպէսզի անիրատեսական նախապայմաններ չառաջադրուին: