ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մարտ 15ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, Երեւանի քոնեաքի գործարանի (ԵՔԳ) գործադիր տնօրէն Արա Գրիգորեան յայտնած է, թէ ճգնաժամի հետեւանքով Հայաստանի մէջ նուազած են քոնեաքագործութեան ծաւալները։ Ըստ անոր, 2009ին Հայաստանի մէջ քոնեաքագործութիւնը ունեցած է 47 տոկոսի անկում, իսկ ԵՔԳը՝ 36 տոկոսի:
«Մեզ համար լաւագոյն տարին 2007ն էր, որի ցուցանիշներին կը կարողանանք հասնել միայն 2012 թուականին», նշած է Ա. Գրիգորեան եւ աւելցուցած, թէ անցած տարի իրենք կ՛ուզէին իրագործել շուկաներու այլազան ծրագիրները, սակայն ճգնաժամին պատճառով, յաջողութիւններու չեն հասած:
ԵՔԳ գործադիր տնօրէնը նաեւ նշած է, որ գործարանի արտադրանքին շուրջ 92 տոկոսը կ՛արտածուի երկրէն դուրս, իսկ անոր հիմնական շուկան Ռուսիան է, ապա միայն՝ ԱՊՀ երկիրները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.