ՊՈԼԻՍ.- Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի թուրք նախագահ Մեւլուտ Չաւուշօղլու «Անատոլու» լրատու գործակալութեան կը յայտնէ, թէ պատմութիւնը պէտք է ձգել պատմաբաններուն, որովհետեւ ճիշդ չի նկատեր, որ պատմական իրադարձութեանց առնչութեամբ որոշումներ կայացնեն քաղաքական գործիչները։
Չաւուշօղլու նաեւ համաձայն չէ գտնուած այն տեսակէտին, թէ Շուէտի խորհրդարանի որոշումին վրայ ազդեցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը։
Չաւուշօղլու նաեւ յայտնած է այն համոզումը, թէ Բրիտանիոյ խորհրդարանը Հայկական Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը պիտի չվաւերացնէ։ «Չեմ կարծեր, որ Անգլիա վաւերացնէ բանաձեւը։ Ատիկա կ՛ըսեմ իբրեւ մէկը, որ Անգլիան լաւ կը ճանչնայ», նշած է ան։