ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Մարտ 17ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնած է, որ թէեւ Մինսկի խումբի դիւանագիտութիւնը կը շարունակուի, սակայն մօտ ապագային առաջընթաց մը կարելի չէ ակնկալել անկէ՝ հաշուի առնելով Ատրպէյճանի կեցուածքը:
«Թուրքիան, օգտագործելով Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները՝ փորձում է այդ արձանագրութիւնները օգտագործել որպէս լծակ Հայաստանի վրայ՝ Ղարաբաղի հարցում իր պատկերացրած զիջումները կատարելու համար, ինչը եւս անիրապաշտ է», յայտնած է Կ. Մանոյեան եւ մանրամասնած. «Այդ պատկերացրած զիջումը այն է, որ պէտք է այսպէս կոչուած՝ Լեռնային Ղարաբաղից դուրս գտնուող տարածքները ազատագրուեն, իրենց ասելով: Դա հեշտ եւ մի քանի ամսում տեղի ունենալիք բան չէ, եւ ուրեմն՝ Թուրքիայի այդ կեցուածքը իրականում ոչ միայն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները տեղից չի շարժում, այլ նաեւ խանգարում է Ղարաբաղի բանակցութիւններին»:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուին կարծիքով, նշեալ վիճակէն դուրս գալու համար Հայաստան պէտք է յայտարարէ, թէ Թուրքիոյ կեցուածքին պատճառով, Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն գործընթացը տապալած է՝ Թուրքիոյ մեղքով. «Դրանից յետոյ Ղարաբաղի հարցում բանակցութիւնները ակտիւացնել՝ յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ներկայացուցիչների կամ ներկայացուցչի ուղղակի մասնակցութեամբ», նշած է Կիրօ Մանոյեան՝ աւելցնելով, որ միայն այդ պարագային կարելի է որեւէ առաջընթաց ակնկալել բանակցութիւններէն:
Դաշնակցական գործիչը նաեւ կարծիք յայտնած է, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը Ուաշինկթըն հրաւիրելու իրական նպատակը՝ «Հայաստանի վրայ ճնշում բանեցնելն է»:
«Դրա համար էլ նախագահը ճիշդ կ՛անի, որ այնտեղ եւս յայտարարի, թէ այս գործընթացը Թուրքիայի պատճառով արդէն տապալուել է։ Հայաստանի կողմից պահանջի, որ Օպաման կատարի իր քաղաքացիներին տուած խոստումը՝ Ցեղասպանութեան հարցով, այլապէս, նախագահին Ուաշինկթըն գնալը, կարծում եմ, այդքան էլ նպատակայարմար չէ», յայտնած է Կիրօ Մանոյեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.