ՊՈԼԻՍ, «Հիւրրիյէթ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Ուրբաթ, Մարտ 19ին անգամ մը եւս քննադատեց լրատուական միջոցները՝ զանոնք պատասխանատու համարելով հայաստանցիներ արտաքսելու մասին իր ունեցած արտայայտութիւնը խեղաթիւրելու եւ անոր այլ մեկնաբանութիւններ տալու յանցանքով:
Ըստ Էրտողանի, կարգ մը թերթեր լուրը այնպէս մը հաղորդած են, որ ստեղծած են այն տպաւորութիւնը, թէ վարչապետը կը խօսի Թուրքիոյ բոլոր հայերը արտաքսելու մասին, յիշելով, թէ յատկանշական տարբերութիւններ կան Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներուն եւ ապօրինի միջոցներով Թուրքիա հաստատուած հայաստանցիներուն միջեւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.