
Տարիներէ ի վեր, Քալիֆորնիոյ UCLA, Լոս Ալամիթոս եւ Պըրքլի համալսարանները դպրոցներու համար կը կազմակերպեն «ՄԱԿի Կրկօրինակ համագումարներ», (Model UN), ուր առիթ կր տրուի երկրորդական վարժարանի աշակերտներուն ծանօթանալու եւ ուսումնասիրելու աշխարհի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հրատապ զանազան հարցեր. աշակերտները կ՛ուսումնասիրեն եւ իրենց հասողութեան մակարդակով կը քննեն այս հարցերը, եւ ինչու չէ՝ առաջարկներ կը բերեն յաղթահարելու զանոնք։
Մարտ 5էն 7, Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Պըրքլիի համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ համագումարներու շարքին ամենամեծը եւ ամէնէն վաղեմին՝ Արեւմտեան ափին։
Վարժարանիս 11րդ եւ 12րդ կարգի աշակերտները իրենց աշխատանքները կեդրոնացուցին կազմակերպիչներու նախորդ տարուան կոչին վրայ՝ «Դէպի Կանա»չ ծրագիրին, որ կը միտի աշակերտներուն մէջ արթնցնել բնապահպանութեան գիտակցութիւնը, որ նաեւ միջոց է լուծումներ որոնելու համաշխարհային սնունդի տագնապին ու մարդասիրական օժանդակութեամբ լուծելու համաշխարհային անօթութիւնը։

Պըրքլիի համագումարին, «Ֆերահեան»ի աշակերտները ներկայացուցին Պելճիքան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները։ Անոնց երկարատեւ ուսումնասիրութիւններն ու քննարկումները արդիւնաւորուեցան, երբ 12րդ դասարանի աշակերտներէն Էտուարտ Տէմիրճեանը եւ 11րդ դասարանէն Կարէն Պոստանեանը արժանացան Ուսումնասիրութեան պարգեւին. բացայայտ էր, որ անոնք տքնաջան աշխատանք, նախանձախնդրութիւն ու լուրջ մօտեցում ցուցաբերած էին իրենց ստանձնած պարտականութեան նկատմամբ։
***
Պըրքլիի համագումարէն 2 շաբաթ

առաջ, Փետրուար 20ին տեղի ունեցած էր Լոս Ալամիթոսի երկրորդական վարժարանի կազմակերպած «ՄԱԿի Կրկնօրինակ համագումար»ը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 8րդէն 12 կարգի աշակերտներ, սկսնակ եւ յառաջացած ծրագիրներով։ Այս համագումարին, «Ֆերահեան»ի աշակերտները ներկայացուցած էին Աւստրիան, Պոսնիա-Հերցեկովինիան եւ Անգլիան։
8րդ եւ 9րդ կարգի աշակերտներուն մասնակցութիւնը եղաւ անոնց առաջին փորձը. անոնք այլ միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներու հետ մասնակցեցան «Սկսնակ յանձնախումբեր»ու աշխատանքներուն եւ քննեցին Եմէնի մէջ տեղի ունեցող ահաբեկչութիւններն ու Փաքիստանի ներքին տագնապը։
11րդ եւ 12րդ կարգի աշակերտներ, որոնք նախապէս մասնակցած էին նման համագումարներու եւ փորձառութիւն ձեռք ձգած էին, մասնակցեցան «Յառաջացած Յանձնախումբեր»ու աշխատանքներուն, ուր իրենց առիթ տրուեցաւ նիւթ մը ընտրելու ներկայացուած ցանկէն. անոնք ընտրեցին նոյն օրերուն ամբողջ աշխարհը ցնցող Հայիթիի երկրաշարժն ու աղէտեալներուն մարդասիրական օժանդակութիւնը։
Միօրեայ համագումարը վերջ գտաւ յատուկ հանդիսութեամբ, որու մրցանակներով պարգեւատրուեցան կարգ մը աշակերտներ՝ իրենց տարած գնահատելի աշխատանքներուն համար: «Ֆերահեան»ի 9րդ կարգի աշակերտուհիներէն Գառնի Տէտէեան եւ Շուշան Գինոսեան, իրենց բացառիկ ներկայացումին համար, 2րդ տարին ըլլալով հանդիսացան 3րդ։
Շուշան Գինոսեան ***
2009-2010 ուսումնական տարեշրջանի վերոյիշեալ համագումարներու շարքին առաջինը տեղի ունեցած էր UCLA-ի մէջ, 2009ի Նոյեմբերին. անոր մասնակցած էին 11րդ եւ 12րդ կարգի աշակերտները՝ ներկայացնելով Հայաստանի հանրապետութիւնը, Նորվեկիան, Վենեզուէլլան եւ Պանկլատեշը։ Ներկայացուած եւ քննարկուած գլխաւոր կէտերը հանդիսացած էին Կիպրոսի եւ Միանմարի կացութիւնները, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու միջոցները եւ այլ հետաքրքրական նիւթեր:
ՄԱԿի այս համագումարները առիթ կու տան աշակերտներուն, որ ծանօթանան միջազգային իրադարձութիւններու եւ տագնապներու, որոնցմէ անմասն չենք նաեւ մենք՝ հայերս: «Ֆերահեան» ազգային վարժարանի աշակերտները տարիներէ ի վեր կը մասնակցին նմանօրիակ համագումարներու եւ կ՛արժանանան գնահատանքի ու մրցանակներու՝ իրենց ներկայացումներուն համար։