ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Կիրակի, Մարտ 21ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամները 212ի դէմ 219 քուէներով վաւերացուին աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր Սպիտակ տունն ու Քոնկրեսը կլանած առողջապահական համակարգը բարեկարգելու բանաձեւին Ծերակոյտին տարբերակը:
Յատկանշական է, որ ոչ մէկ հանրապետական ներկայացուցիչ բանաձեւին ի նպաստ քուէարկեց, հակառակ այն իրողութեան, որ Ներկայացուցիչներու տան վաւերացուած նախկին տարբերակը կրցած էր հանրապետական մէկ քուէ ապահովել: Նաեւ, մինչ 34 դեմոկրատներ անոր դէմ քուէարկեցին, Քալիֆորնիան ներկայացնող բոլոր դեմոկրատ ներկայացուցիչները անոր ի նպաստ քուէարկեցին:
Պատմական որակուող սոյն յաղթանակը ապահոված նախագահ Պարաք Օպաման պիտի ստորագրէ իր փափաքած բարեփոխումներուն միայն մէկ մասը իրականացնող, սակայն նախագահութեան առողջութիւնը բարելաւող այս բանաձեւը, որ օրէնքի ուժ ստանալէ առաջ իսկ փոփոխութեանց ենթարկուելու կը պատրաստուի, որովհետեւ Ներկայացուցիչներու տան վաւերացուցած աւելի յառաջդիմական տարբերակէն կարգ մը կէտեր Ծերակոյտի տարբերակին վրայ աւելցնելու համաձայնութիւն մը գոյացած էր:
Մինչ դեմոկրատ ղեկավարութիւնը պիտի փափաքէր այս հանգրուանին անցնիլ դրամատնային մարզը կամ գաղթականական օրէնքները բարեկարգելու աշխատանքին, մօտիկ ապագային անոր աշխատանքին առնուազն մէկ մասը պիտի շարունակէ կապ ունենալ առողջապահական մարզին հետ, որովհետեւ հանրապետական ղեկավարութիւնը խոստացած է ամէն քայլափոխի դէմ դնել վաւերացուած բանաձեւի պայմաններուն գործադրութեան:
Մինչ դեմոկրատ քոնկրեսականները, յատկապէս անոնք, որոնք Նոյեմբերի ընտրութեանց կը պատրաստուին, պիտի փորձեն լուսարձակի տակ առնել բանաձեւին դրական կողմերը՝ աւելի մեծ թիւով ապահովագրուած քաղաքացիներ, ապահովագրական ընկերութեանց վրայ յաւելեալ պարտաւորութիւններ ու առողջապահութեան ընդհանուր ծախսերու նուազում, հանրապետականները անգամ մը եւս վախի մթնոլորտ կը փորձեն ստեղծել՝ պնդելով, թէ բանաձեւը աւելի հսկայ բեռ մը պիտի դնէ պետական ամավարկին վրայ, որուն հետեւանքով աւելի շատ տուրքեր պիտի գանձուին քաղաքացիներէն: