ՀԵԴի հովանիին տակ գործող Մարդկային իրաւանց միացեալ Խորհուրդը յառաջիկայ Չորեքշաբթի, Մարտ 24ին, կ.ե. ժամ 2ին բողոքի ցոյց մը կազմակերպած է Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ՝ դատապարտելու համար վերջերս թրքական ատեանի մը կողմէ 15ամեայ քիւրտ պարմանուհի Պերիվան Սայաչային դէմ արձակուած 8 տարուան բանտարկութեան վճիռը, միաժամանակ պահանջելով անոր եւ մեծ թիւով այլ պատանիներու ազատ արձակումը: Յատկանշական է, որ պարմանուհին նախ 13 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր, սակայն աւելի ուշ՝ այդ վճիռը «մեղմացուած» էր:
Պարիվան միայն մէկն է Թուրքիոյ բանտերուն մէջ մնացող աւելի քան 2600 անչափահաս բանտարկեալներէն: Ան բանտարկութեան դատապարտուած էր իր «ահաբեկչական» արարքներուն համար, որոնց բնոյթն է՝ ոստիկաններ քարկոծել Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ի նպաստ ցոյցի մը ընթացքին:

Անոր պարագան անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, թէ Թուրքիա պարզապէս անունով ժողովրդավար երկիր մըն է, որովհետեւ մարդկային իրաւանց ոտնակոխումները կը շարունակեն ամէնօրեայ իրադարձութիւններ մնալ հոն: Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին հասցէն է՝ 6300 Wilshire Blvd., Suite 2010, Los Angeles, CA 90048: