ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը ապահովելու նպատակով, թրքական իրերայաջորդ կառավարութեանց կողմէ կառուցուած մամրոտ պատին վրայ գոյացող ճեղքերէն յոյսի նշոյլներ կը տեսնուին նորէն, սակայն միշտ առկայ է այդ ճեղքերուն բռնի կուպրապատման վտանգը:
«Թարաֆ»ի յօդուածագիր Այհան Աքթարի կողմէ բացուած այդ ճեղքերէն մէկուն ընդմէջէն Երկուշաբթի օր Անգարային ներկայացուեցաւ առաջարկ մը, թէ՝ «1915ի իրադարձութեանց» մասին ժապաւէն մը պատրաստէ՝ օգտագործելով օսմանեան բանակի հարիւրապետ Սարգիս Թորոսեանի յուշերու գիրքը։ Թորոսեան հերոսական մասնակցութիւն բերած է Չանաքքալէի ճակատարմարտին, բայց այսօր անոր անունը չկայ երկրին արխիւներուն մէջ, որովհետեւ անոր անունը սրբուած է։
«Անոնք, որոնք Թորոսեանին անունը սրբած են, հաւանաբար կը մտածէին, որ անոր անունը կրնար վնասել «բանակը կռնակէն զարնող հայեր» պատճառաբանութեան։ Այսպէս կը ձեւաւորուի պետական պաշտօնեաներու կողմէ գրի առնուած «ազգային պատմութիւն»ը», կը գրէ յօդուածգիրը, որ նաեւ կ՛ընէ Թորոսեանի ընտանիքին տեղահանութեան ու անոր ծնողքին սպանութեան անդրադարձը: 1917ին Թորոսեան կը ղրկուի Սուրիոյ ճակատ եւ անապատներուն մէջ, «մորթ ու ոսկոր դարձած հայերուն մէջ» կը գտնէ քոյրը, որ թոքախտի զոհ կ՛երթայ:
Այս պայմաններուն տակ Թորոսեան խոյս կու տայ բանակէն ու կը միանայ արաբական ուժերուն, կը սկսի կռուելու օսմանեան բանակին դէմ ու ապա Ամերիկա կը գաղթէ։ Թորոսեանի պարագան միայն մէկն է Ցեղասպանութեան զոհերու պատմութիւններէն, կ՛աւելցնէ ան ու կ՛եզրակացնէ, որ եթէ Էրտողան անկեղծ է, ապա կրնայ մշակոյթի նախարարութեան միջոցաւ Թորոսեանին մասին պատրաստել ֆիլմ մը, որ աւելի նպաստաւոր պիտի ըլլայ, քան Պոլսոյ հայաստանցիները Թուրքիայէն վտարելը։