ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Մարդ էակը հետաքրքրական արարած մըն է. ան կարողութիւնը ունի հրաշալի գիւտեր ընելու՝ անիւէն սկսած, հասնելով մինչեւ համացանցը, եւ ստեղծագործելով կրնայ յօրինել վերացնող երաժշտութիւն ու ընթերցողը նստած տեղէն աշխարհի չորս կողմը հասցնող վէպեր: Սակայն, կենդանական նոյն այս ընտանիքին պատկանող արարածներ, յատկապէս երբ կ՛որոշեն իրենց մտածելու կարողութիւնը ուրիշի մը յանձնել (վարձու կամ ծախու), իրենք զիրենք կը մատնեն ծիծաղելի վիճակներու: Այս կացութեան մէջ իրենք զիրենք դրած են ամերիկացիներուն մէկ կարեւոր մասը, որ ազդուելով նախագահ Պարաք Օպամայի նախընտրական պայքարի օրերէն սկսած եւ մինչեւ այսօր շարունակուող հանրապետականներու հակաքարոզչութենէն՝ անտրամաբանական համոզումներու տէր դարձած են: Նախ Օպաման պարտութեան մատնելու համար, իսկ ապա՝ անոր առաջադրած ծրագիրները ձախողութեան մատնելու նպատակով, «կրկնութիւնը ուսուցման մայրն է» կարգախօսը որդեգրած հանրապետականներ ամերիկացիները «ռմբակոծած են» նախագահին մասին անհիմն պնդումներով՝ շշմեցնելով զանոնք:
Այս բոլորին հետեւանքը ըլլալ կը թուի «Harris Interactive»ի կողմէ կատարուած համացանցային հարցախոյզին անհաւատալի արդիւնքները: Ըստ հարցախոյզին, հանրապետականներուն 25 տոկոսը Օպաման կը նկատէ հակաքրիստոս, իսկ 67 տոկոսը վստահ է, որ նախագահը ընկերկավարական մըն է: 61 տոկոսը համոզուած է, որ Օպամա կ՛ուզէ ամերիկացիներուն զէնքերը գրաւել, իսկ 57 տոկոսը կը պնդէ, թէ Օպամա իսլամ է, մինչ 55 տոկոսին համաձայն, ան հակասահմանադրական «շատ» քայլերու դիմած է: Վերջապէս, հանրապետականներուն 51 տոկոսը կը հաւատայ, որ Օպամա կ՛ուզէ երկրին կառավարումը յանձնել «համաշխարհային կառավարութեան մը»: Նոնյքան մտահոգիչ են այն տուեաները, որոնք կը վերաբերին բոլոր ամերիկացիներուն: Արդարեւ, Օպամային ընկերավարական ըլլալու պնդումը համոզած կը թուի ըլլալ բոլոր ամերիկացիներուն 40 տոկոսը, իսկ 32 տոկոսը Օպաման իսլամ կը նկատէ: Նաեւ, 25 տոկոսը կը կարծէ, թէ Օպաման երկրին «ներքին թշնամի» մըն է: Իսկ Օպաման նոյնինքն Ս. գրային սատանան նկատողներուն համեմատութիւնը 14 տոկոս է բոլոր ամերիկացիներուն մէջ:
Միայն յուսալ կարելի է, որ նման սուտեր ու չափազանցուած տուեալներ տարաձայնողները, այս հարցախոյզը տեսնելով՝ ինքնազսպումի կը դիմեն, որովհետեւ նման տուեալներու հաւատացող բազմութիւնը կրնայ այնքան տխմարանալ, որ դիւրութեամբ կրնայ իրենց դէմ դառնալ: