ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ամէն օր հազարաւոր յօդուածներ կը հրատարակուին համացանցին վրայ, բայց միայն քիչերն են, որոնք մեզ ցգայացունց կ՛ընեն:
Անցեալ շաբաթ ես հանդիպեցայ ցնցիչ լուրի մը, որ հրատարակուած էր «Թրքական Ֆորում» թրքական լուրերու մեծագոյն կայքէջին կողմէ։ Լուրին վերնագիրն էր՝ «Սիեռա Լիոնի Մոռցուած Դեսպանը Հայկական Ցեղասպանութիւնը Կ՛օգտագործէ Իր Հարցը Լուծելու Համար»։ Ստորեւ՝ թարգմանուած ամփոփումը այդ անհաւատալի յօդուածին.
«Վերջին տարիներուն շարք մը երկիրներու խորհրդարաններ որդեգրած են Հայկական Ցեղասպանութեան օրինագիծեր։ Իբրեւ փոխադարձ կեցուածք, Թուրքիա տուն կանչած է իր դեսպանները այդ երկիրներէն։ Բացայայտուած է, որ կարգ մը պատեհապաշտ դեսպաններ շահագործած են այդ կացութիւնը՝ իրենց դիրքը օգտագործելով:
«Արտաքին գործոց նախարարութեան այս առաւօտ կատարած յայտարարութեան մը համաձայն, Օրհան Էմին Թիւրքօ՝ Սիեռա Լիոնի մէջ վերջին տասներկու տարիներու Թուրքիոյ դեսպանը, պաշտօնանկ եղած է՝ այդ երկրի խորհրդարանին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին ի նպաստ լոպիինկի աշխատանք տանելուն համար:
«Այսօր առաւօտեան տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, արտաքին գործոց նախարարի փոխանորդներէն Էրսին Էօզպիւքէյ հետեւեալ բացատրութիւնը տուաւ. «Վերջերս նկատեցինք, որ այսպէս կոչուած՝ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը դրուած էր Չատի, Էրիթրիոյ եւ Ճիպութիի խորհրդարաններու օրակարգերուն վրայ։ Սակայն երբ տեսանք, որ այդ բանաձեւը միաձայնութեամբ որդեգրուած էր Սիեռա Լիոնի խորհրդարանին կողմէ, սկսանք կասկածելու, որ սխալ բան մը եղած էր»։ Էօզպիւքէյ աւելցուց. «Մենք կազմեցինք քննիչ մարմին մը, որ յայտնաբերեց հետաքրքական բայց մտահոգիչ կարգ մը իրականութիւններ: Մենք հաստատեցինք, թէ դեսպան Թիւրքոն լոպիինկի աշխատանք տարած էր Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին ի շահ: Անշուշտ այդ մէկը արտօնելի չէ, բայց նախարարութիւնն ալ իր պատասխանատուութիւնը ունի այդ հարցին մէջ։ Այդ մարդը լքուած եւ մոռցուած էր հեռու երկրի մը մէջ։ Ան այդ գաղափարը ունեցաւ, երբ տեսաւ, թէ (թուրք) դեսպաններ տուն կը կանչուէին ուրիշ երկիրներէ, ուր Ցեղասպանութեան օրինագիծեր կ՛որդեգրուէին։ Տասներկու տարին երկար ժամանակ է»։
«Ապա Էօզպիւքէյ մանրամասնութիւններ փոխանցեց Հայկական Ցեղասպանութիւնը ծանուցելու գծով դեսպան Թիւրքոնի անհաւատալի արարքներուն մասին։ Էօզպիւքէյ նշեց, թէ ամէն անգամ, երբ դեսպանը գինետուն մը այցելէր, «Ֆէյսպուք»ի վրայ կը գրէր. «Մենք ջարդեցինք հայերը շատ գարշելի ձեւով»։ Ան «պար»ի սպասարկուներուն կ՛ըսէր. «Մեծհայրս առանձինն սպաննեց հարիւրէն հարիւր յիսուն հայեր, որոնց ոսկորները մեր տան յատակն են»։ Դեսպանը հնարած էր այդ ձեւի սխալ լուրեր եւ սուտեր։ Ան հիմնականօրէն ըսած էր այն, ինչ իր խելքը փչած էր։ Սիեռա Լիոնը փոքր երկիր մըն է։ Խօսքը շուտ կը տարածուի։ Ոչ ոք լսած էր Հայաստանի կամ Թուրքիոյ մասին։ Սակայն մէկ ամսուան ընթացքին, ամէն մարդ այդ երկրին մէջ հետաքրքրուած էր այս հարցով։ Մարդիկ սկսան պարելու փողոցներուն մէջ, երբ գիտցան, թէ Ցեղասպանութիւնը ճանչցուեցաւ։ Ասիկա պէտք չէր, որ ըլլար, բայց դժբախտաբար, եղաւ…
«Էօզպիւքէյ բացատրեց, թէ վերոնշեալ բացայայտումէն ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը սկսաւ ուշադրութիւն դարձնել զանազան խորհրդարաններու օրակարգերուն։ Ան ըսաւ, որ Ապագային այդ ձեւի կացութիւններէ խուսափելու համար, փոխանակ դեսպաններ տուն կանչելու՝ «կը մտածենք առեւտուրի յարաբերութիւններ խզելու մասին, մինչեւ որ օրինագիծը վերցուի խորհրդարանի օրակարգէն»»։
Հակառակ անոր, որ այդ յօդուածը անհաւատալի կը թուէր, սակայն մանրամասնութիւններուն քանակը եւ անոր մէջ նշուած որոշ անունները պատճառ դարձան, որ տասնեակ մը թրքական կայքէջեր հրատարակեն զայն, առանց անդրադառնալու, թէ անիկա խաբէութիւն մըն է: Իմանալէ ետք, թէ Թուրքիա դեսպանատուն չունի Սիեռա Լիոնի մէջ, «Թրքական Ֆորում»ը ջնջեց այդ սուտ լուրը իր կայքէջէն։ Նաեւ ճիշդ չէր, որ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւեր կը քննարկուէին Չատի, Ճիպութիի եւ Էրիթրիոյ խորհրդարաններուն մէջ, վերջին ամիսներուն։ Յայտնի չէր, թէ ո՛վ շարադրած էր այդ բացայայտ խաբէութիւնը։ Նկատի ունենալով վերջին շաբաթներուն Թուրքիոյ մէջ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ ուղղուած մեծածաւալ քննադատութիւնը՝ հեղինակը կրնայ ըլլալ դժգոհ թուրք մը՝ զուարթամիտ մը, որ որոշեց հեգնական խաղ մը խաղալ իր «Տօն Քիշոթ»եան ղեկավարին գլխուն։ Յօդուածին հետ կցուած էր շատ իրական թուացող լուսանկար մը, որ կը պատկերէր երեք ափրիկեցի եւ մէկ ոչ ափրիկեցի պաշտօնատարներ՝ փաստաթուղթեր ստորագրելու պահուն։ Լուսանկարը կու տար այն սխալ տպաւորութիւնը, թէ վերջինը Սիեռա Լիոնի մօտ թուրք դեսպանն էր։
Զարմանալի չէ, որ շարք մը թրքական կայքէջեր խաբուեցան այդ խաղէն, տրուած ըլլալով, որ Թուրքիա տուն կանչած է իր դեսպանները Ֆրանսայէն, Գանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ երկիրներէ, այդ երկիրներուն կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման իբրեւ հետեւանք։
Նամըք Թան՝ Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ նորանշանակ դեսպանը, տուն կանչուեցաւ 4 Մարտին, երբ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը վաւերացուց Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը։ Այնուհետեւ յայտարարուեցաւ, թէ ան հաւանաբար Անգարա պիտի մնայ մինչեւ 24 Ապրիլէն ետք։
Ասիկա լաւ լուր մըն է ամերիկահայ գործիչներուն համար, նկատի ունենալով, որ անոնք կրնան լոպիինկի աշխատանք տանիլ Քոնկրեսին մէջ, առանց թուրք դեսպանին յառաջ բերելիք արգելքներուն, 24 Ապրիլին նախորդող ճակատագրական շաբաթներուն, երբ ան պէտք էր որ Ուաշինկթըն գտնուէր՝ փորձելով արգիլել Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի քննարկումը, ինչպէս նաեւ համոզելով նախագահ Օպաման, որ Հայկական Ցեղասպանութիւն եզրը չգործածէ իր տարեկան ուղերձին մէջ:
Մեր տեղեկութիւններուն համաձայն, դեսպան Թան լոպիինկի աշխատանք չտարաւ Քոնկրեսին մէջ, Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման ուղղութեամբ, ինչպէս ըրած էր Սիեռա Լիոնի վերոնշեալ առասպելական դեսպանը, որպէսզի երկար արձակուրդ մը առնէր եւ իր երկիրը վերադառնար իր ընտանիքին եւ բարեկամներուն քով։ Սակայն վարչապետ Էրտողանի ինքնահակասող վերջին յայտարարութիւններէն դատելով՝ երբեմն ճշմարտութիւնը իրապէ՛ս աւելի տարօրինակ է քան առասպելը:
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիր»ի Խմբագիր