ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանի «Անգարայի քուլիսները» յայտագիրին մէջ յայտարարած է, որ ինք պատրաստակամ է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի առնչութեամբ շփումներ սկսելու նաեւ հայկական Սփիւռքի ներկայացուցիչներու հետ։
«Միայն Հայաստանի հետ չէ, որ կը փափաքինք կարգաւորել մեր յարաբերութիւնները։ Կ՛ուզենք շփումներ սկսիլ նաեւ Սփիւռքի մէջ ապրող հայերու հետ։ Այս կէտին մէջ բոլոր հայերը նոյն հարթութեան վրայ դնելու, զանոնք իբրեւ մէկ ընդհանուր զանգուած դիտելու մօտեցումը սխալ կ՛ըլլայ։ Ատիկա պէտք է լաւ հասկնալ։ Պիտի ըլլան հայկական համայնքներ, որոնց հետ մենք պիտի կարենանք երկխօսութիւն ծաւալել։ Մենք պէտք է փոխենք անոնց պատկերացումները», յայտարարած է Տաւութօղլու։
Խօսելով Հայկական Ցեղասպանութեան մասին՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, որ ատոր միակողմանի կերպով մօտենալը ճիշդ չէ։ «Եթէ արձանագրութիւններու ստորագրման արարողութեան ժամանակ պարոն Նալբանդեանը համաձայնէր, կը պատրաստուէի հանդէս գալու ելոյթով մը, որուն ընթացքին շեշտը պիտի դնէի, «արդարացի յիշողութեան» գաղափարին վրայ։ Այսինքն, այդ ամբողջ պատմութեան պէտք չէ նայիլ միակողմանի յիշողութեամբ։ Մենք պէտք է ստեղծենք այնպիսի մթնոլորտ, որ թոյլ պիտի տայ հասկնալու հայերուն հետ տեղի ունեցածը, անոնց զգացածը։ Սակայն անոնք ալ մեր յիշողութեան նկատմամբ պէտք է ցուցաբերեն յարգալից վերաբերմունք», նշած է Տաւութօղլու։
Անդրադառնալով հայ եւ թուրք ժողովուրդներու մերձեցման գործընթացին՝ Տաւութօղլու ընդգծած է, որ երկու ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունի հոգեբանական պատնեշ, զոր պէտք է յաղթահարել։
«Հարցը ունի հոգեբանական, իրաւական, քաղաքական եւ պատմական կողմեր։ Եթէ հայերն ու թուրքերը կը փափաքին հաշտութեան գործընթաց սկսիլ, ապա պէտք է յաղթահարեն բոլոր արգելքները, որոնց շարքին՝ հոգեբանական պատնեշը», յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը։
Նոյն յայտագիրին ընթացքին, նախարարը յայտնեց, թէ Շուէտի խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումէն ետք տուն կանչուած Թուրքիոյ դեսպան Զերկուն Քորութիւրք, յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը Շուէտ պիտի վերադառնայ, որովհետեւ Թուրքիա բաւարարուած է Շուէտի կառավարութեան դիրքորոշումով: Շուէտի կառավարութիւնը, որ կ՛ընդդիմանար բանաձեւին, դատապարտած էր խորհրդարանին որոշումը եւ յոյս յայտնած էր, որ թուրք-շուէտական յարաբերութիւնները մօտ օրէն կը բնականոնանան։
GETZE HYE HEGHAPOKHAN TASHNAGTZOUTYOUNE
ARACHNORTE HYE ZHOGHOVOURTIN ASKHARHI
GETZE HYE AZKE AMENOOREK.
AL AVELI ARTYOUNAPER ARGA HANTISANA BIDI,
NAKH KAN PROTOCOLNEROON VAVERATZOOME!!!