ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յառաջիկայ ամիս, Իսրայէլի խորհրդարանի «Մերեց» կուսակցութեան ղեկավար Հայիմ Օրոն Քնեսեթի քննարկութեան պիտի ներկայացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:
Ըստ իսրայէլական «IzRus» լրատուական գործակալութեան, Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը օրակարգ բերելու բազմաթիւ փորձեր եղած են Իսրայէլի պատմութեան ընթացքին, սակայն ցարդ բանաձեւ մը չէ վաւերացուած: 1990ականներէն ի վեր Ցեղասպանութեան հարցը խորհրդարանականներու միջեւ թէժ քննարկումներու նիւթ դարձած է:
Այս անգամ, սակայն, հարցի քննարկման նախորդած իրադարձութիւնները յաւելեալ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած են հարցը, յատկապէս՝ Իսրայէլ-Թուրքիա լարուածութեանց աճին պատճառով:
Նշեալ գործակալութեան մեծածաւալ յօդուածին մէջ՝ «Սուրբ հողի հայերը եւ Հայաստանի հրեաները», «Արարատ եւ Նայիրի», «Երեւանի եւ Սփիւռքի հետ կապերը», «Փոքր համայնք, մեծ քաղաքականութեան մէջ» ենթախորագիրներով բաժիններ կան հայերու ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Իսրայէլի յարաբերութիւններուն մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.