ՅՈՎԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
«Կ՛ուզեմ ապագայի մարդերուն նուիրել այնպիսի «հզօր» երգ մը՝ որ հայրենիքը ինծի պէս արարած
մը ծնած ըլլալուն գոնէ չզղջայ»։
ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ
Եւրոպական ոստաններէն ետք ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան իր հայեացքները դարձուց դէպի արաբական կողմն աշխարհի, ու Մարտ 22էն 24 պաշտօնական այցելութիւն մը կատարեց դէպի Սուրիա։ Իր կեցութեան ընթացքին -ինչպէս կը սպասուէր- ան այցելեց նաեւ Տէր Զօր։
Ամէն պատճառ ունէինք ակնկալելու եւ յուսալու, որ մեր անթաղ նահատակներու հաւաքական դամբարանը հանդիսացաող Տէր Զօրի մէջ Սերժ Սարգսեանի արտասանած խօսքը, թէկուզ եւ ուշացած, այսուամենայնիւ՝ այնքան սպասուած շրջադարձի մը մեկնակէտը կրնար դառնալ։
Տէր Զօրի մէջ արտասանուած այդ խօսքը անկեղծ ու հարազատ կը հնչէր, անոր այցելութիւնը պատմական ու վճռորոշ նշանակութիւն կը ստանար, եթէ ան պաշտօնական Երեւանի անունով այդ սրբավայրէն յայտարարէր Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն վերջնական ու անդառնալի մերժումը։
Ափսոս, այդպէս չեղաւ։ Պատմութիւնը նոր յուսախաբութիւն մը եւ ծանր հիասթափութիւն մը եւս աւելցուց իր նախագահական տարեգրութեան էջերուն։ Այդ խօսքը յաւուր պատշաճի արտասանուած խօսքի մը սահմանափակումներէն անդին չկրցաւ անցնիլ։ Իսկ տարբեր լսարաններու յղուած իր պատգամները գեղարուեստական ու հռետորական ըլլալու սահմանը չկրցան կտրել։ Այդ խօսքին մէջ հակասական ու տրամաբանօրէն անհամատեղելի սկզբունքներու առկայութիւնը եթէ մէկ կողմէ տարբեր մեկնաբանութիւններու կը մղէր վերլուծաբանները, ապա այնտեղ դրսեւորուող երկդիմի մօտեցումները հետեւողական կերպով կը ցոլացնէին Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան բնորոշ նկարագիրը։
Պէտք է ազնիւ ըլլալ եւ արդարօրէն ողջունել նախագահին արտասանած խօսքին առաջին բաժինը, երբ ան կը խօսի հայ «ժողովուրդի մեծագոյն ցաւ»ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, «քաղաքակիրթ համարուող մարդկութեան մեծագոյն ամօթ»ին եւ շարունակուող «ուրացում»ին մասին, երբ ան կը խօսի «հայերի նիւրէմպէրկ»ին մասին, մեր ժողովուրդի ֆիզիքական, մշակութային ու լեզուական արժէքներու «կորուստներ»ուն եւ «ոչնչացման» մասին։ Այդ բոլորը միայն կարելի է ողջունել։
Սակայն դրական այս տպաւորութիւնը յանկարծ փուլ կու գայ, երբ ան այդ բոլորէն ետք կը վերադառնայ իր մշակած ու վարած ապազգային քաղաքականութեան ակունքներուն ու կը յայտարարէ, որ «այսքանից յետոյ մենք ասում ենք, որ պատրաստ ենք ժամանակակից Թուրքիայի հետ հաստատել դիւանագիտական կանոնաւոր յարաբերութիւններ, պատրաստ ենք ունենալ բաց սահմաններ, եւ տնտեսական յարաբերութիւններ, պատրաստ ենք ասում ենք ջանքեր գործադրել Հայաստանի եւ Թուրքիայի ժողովուրդների միջեւ վստահութիւն ձեւաւորելու ուղղութեամբ, պատրաստ ենք մօտեցնել երկու հասարակութիւնները՝ ցրելով կարծրատիպերն ու իրականութեան հետ կապ չունեցող միֆերը, որոնք ձեւաւորուել են տասնամեակների ընթացքում, շփումների գրեթէ բացակայութեան պայմաններում»։
Հետաքրքրական պիտի ըլլայ իմանալ թէ ի՞նչ կարծրատիպեր նկատի ունի Սերժ Սարգսեան։ Որո՞նք են «իրականութեան հետ կապ չունեցող միֆերը»։ Աւելին՝ այդ բոլորը ձեւաւորուած են տասնամեակներու ընթացքին շփումներու բացակայութեա՞ն իբրեւ հետեւանք, թէ Թուրքիոյ կողմէ հայութեան նկատմամբ իրագործուած թշնամական վերաբերումին պատճառով։ ՀՀ նախագահին կողմէ պատմական իրողութիւնները եւ պատասխանատուութիւնները հաւասար նժարներու վրայ դնելու ինքնամատոյց այս զոհաբերումը լիագոյնս կը բացայայտէ Սերժ Սարգսեանի մօտ ազգային ինքնագիտակցութեան մակարդակը։
Սերժ Սարգսեանի մօտ արձանագրութիւններու վաւերացման նկատմամբ դրսեւորուող անմնացորդ նուիրումն ու հետեւողականութիւնը անբացատրելի կը մնան։ Ան չի վարանիր մեր նահատակներու սրբավայրէն յայտարարելու, որ «Հայ-թուրքական արձանագրութիւնների ստորագրումով ստեղծուել է պատմական հնարաւորութիւն, որ պէտք է տրամաբանական աւարտ ունենայ»։
Բառերը այլեւս չեն կրնար նկարագրել այն ցասումը, այն ընդվզումը որ կը փոթորկի հայ մարդու ներաշխարհին մէջ ի լուր այն անարգանքին, որ Հայաստանի նախագահը կը հասցնէ մեր նահատակներու սրբազան յիշատակին, նոյնիքն Տէր Զօրի սրբավայրը օգտագործելով իբրեւ քաղաքական բեմահարթակ։
Պէտք է հասկնալ ի վերջոյ, որ այս յայտարարութիւնները Տէր Զօրի քամիին հետ ի սպառ չեն կորսուիր, այլ անոնք իր տխուր անունին քովիկը պիտի հանգչին իր հեղինակած պատմութեան էջերուն մէջ։
Հակասութիւններու մէջ տուայտող նախագահը տակաւին չէ կրցած ըմբռնել, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները «տրամաբանական» սկիզբ չունեցան, հետեւաբար՝ անտրամաբանական է այսօր ակնկալել անոնց «տրամաբանական աւարտ»ը։ Այդ արձանագրութիւններուն «տրամաբանական» միակ սկիզբը Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կրնար ըլլալ։ Չեղա՛ւ։ Չեղա՛ւ, որովհետեւ նախագահին ու անոր բանագնացներուն մօտ կը պակսէր ազգային այդ նախանձախնդրութիւնը, Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի շահերուն այդքան խոր ընկալումը։ Իսկ այսօր, արձանագրութիւններու պատճառած ծանր կորուստներէն ետք, հայ ժողովուրդի հաւաքկան ներուժի այսքան անպատասխանատու վատնումէն ետք, այդ արձանագրութիւններուն տրամաբանական միակ աւարտը Սերժ Սարգսեանի ու իր իշխանակիցներուն հեռացումն է։ Իշխանափոխութիւնն է միայն, նախագահին ու անոր իշխանակիցներուն հեռացումը միայն, որ մեր հայրենքիը եւ մեր ժողովուրդը կրնան փրկել կործանարար այս արկածախնդրութենէն ու անոր ապազգային դերակատարներէն։
Հազիւ մէկ էջի սահմաններուն մէջ պարփակուած նախագահի խօսքին մէջ այսքան ծայրահեղօրէն զիրար հակասող, ու տրամաբանօրէն անհամատեղելի սկզբունքներուն առկայութիւնը շատ բան կ՛ըսէ նախագահի քաղաքական վարքագիծին մասին։
Երկդիմի այս վարքագիծը, սակայն, այստեղ չաւարտիր։ Ան չի մոռնար իր խօսքին մէջ բաժին հանելու նաեւ անոնց, որոնք Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կ՛օգտագործեն խուսափելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ու առաջ կը քաշեն Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը քննող միջպետական յանձնաժողովի ստեղծումը։ Սերժ Սարգսեան եթէ իսկապէս մտահոգ է այն իրողութեամբ, որ Թուրքիա եւ այս գծով որոշիչ դերակատարութիւն ունեցող երկիրներ ու քաղաքական գործիչներ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կ՛օգտագործեն խուսափելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն, ապա ան պէտք է նոյն այս մտահոգութիւնը բարձրաձայն արտայայտէր Սթամպուլի, Փարիզի, Լոնտոնի եւ Մոսկուայի մէջ, այլապէս, Տէր Զօրի մէջ այս գծով հնչած խօսքը անզօր է հասնելու այդքան հեռուները։ Մէկ տարուան չարդարացուած լռութենէն ետք, նոյն այս մտահոգութիւնը ան պարտաւոր է արտայայտել նաեւ Ուաշինկթընի մէջ, որպէսզի իր կատարելիք այցելութիւնը նախագահ Օպամային հետ նկարուելու փրոթոքոլային ցուցադրականութենէն անդին կարենայ անցնիլ։ Եթէ Սերժ Սարգսեան կը հաստատէ որ «պատմութեան հարթութեան» միջպետական յանձնաժողովը չի՛ կրնար քննել Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, ապա Հայաստանի բանագնացներուն կողմէ ինչո՞ւ այդ գծով յստակ յղում չէ կատարուած արձանագրութիւններուն մէջ, որպէսզի այս հակասական իրավիճակին մէջ չյայտնուէր ինք ու իր հետ նաեւ մեր ժողովուրդը։ Այս գծով նախագահին անկեղծութեան քննութիւնը տակաւին իր աւարտին չէ հասած։ ՀՀ Ազգային Ժողովը եւ նախագահը տակաւին առիթը ունին այդ յստակացումը կատարելու, անհրաժեշտ վերապահումներով եւ պարզաբանումներով վաւերացնելով արձանագրութիւնները, որպէսզի ամէն մարդ լաւ հասկնայ «պատմական հարթութեան» միջպետական յանձնաժողովի սարգսեանական տարբերակը։ Այդ արձանագրութիւնները վաւերացնելէ առաջ, Սերժ Սարգսեան ու իր իշխանակիցները «թող մի պահ յիշեն այս անապատը, յիշեն մարդկային միլիոնաւոր խեղուած ճակատագրերն ու հայրենազուրկ եղած, ցաւը սրտում հինաւուրց ժողովրդին»։
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հնչած բազմաթիւ տեսակէտներուն, կատարուած բազմաթիւ հետազօտութիւններուն մէջ Սերժ Սարգսեան կ՛աւելցնէ նոր հայեցակէտ մը՝ Դանիէլ Վարուժանի եւ Սիամանթոյի «եւրոպական հագուստներուն» տեսութիւնը։ Ան իր արտասանած խօսքին մէջ կ՛ըսէ՝ որ «1915 թուականին ի թիւս այլոց, սպանուեցին 20րդ դարի հայ մեծագոյն բանաստեղծներ Դանիէլ Վարուժանը, ով 35 տարկան էր, եւ Ատոմ Եարճանեանը՝ Սիամանթօն, ով 37 տարկան էր։ Տանջամահ արուելուց առաջ նրանք մերկացուեցին, որովհետեւ եւրոպական հագուստ էին կրում, իսկ այդ ժամանակներում եւ այդ տարածքներում եւրոպական հագուստը թանկ արժէր։ Դահիճներն իրենց վրայ քաշեցին եւրոպական հագուստները. իրենց մէջ հազարամեակների քաղաքակրթութիւն ամբարող հայ հանճարներից եւ սովորական հայերից գողացուած եւրոպական հագուստները։ Այս պատկերների մէջ ես չէի ցանկանայ խորհրդանշաններ տեսնել, բայց մի բան գիտեմ հաստատ. եւրոպական հագուկապ, վարուեցողութիւն եւ արժէքներ ասելիս ո՛չ ոք իրաւունք չունի մոռանալ այս պատկերները»։
Այս տողերը ընթերցելէ ետք այլեւս կարելի չէ թաքցնել ցասումը։ Նախագահի խօսքին մէջ առկայ հակասութիւնները այստեղ նոր մակարդակ մը կը նուաճեն։ Հայոց Ցեղասպանութեան ողբերգութիւնը եւ անմահանուն մեր քերթողներուն նահատակութեան դէպքը ՀՀ նախագահը կը բացատրէ «եւրոպական հագուստներ»ու տեսութեամբ։
Տէր Զօրը նոր յայտնաբերած Սերժ Սարգսեանին հարկ է յուշել Դանիէլ Վարուժանի եւ Սիամանթոյի «եւրոպական հագուստ»էն շա՛տ աւելին։ Անոնց նահատակութեան եւ վկայագրութեան մէջ «եւրոպական հագուստ»ի տեսութիւնը տեղ չունի՛։ Անոնք դաժանօրէն կոտորուեցան պարզապէս որովհետեւ հա՛յ էին, որովհետեւ հայ ժողովուրդի ստեղծագործ միտքին ու հոգիին առաքելաշունչ պատգամաբերներն էին։ Որովհետեւ, իբրեւ մտաւորական ու առաջնորդող հեղինակութիւններ, քաղաքակրթական ու մշակութային զարգացման նոր ուղի մը բացած էին մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, որուն անհաղորդ կը մնար խաւարամտութեան մէջ ապրող թուրք հասարակութիւնը։ Անոնք կոտորուեցան, որովհետեւ անոնց քերթողութիւնը հարազատօրէն կը թրթռացնէր թրքական եաթաղանին տակ կոտորուող հայ մարդուն ցաւն ու յարութեան շունչը։ Վերջապէս՝ անոնք կոտորուեցան, որովհետեւ ի տարբերութիւն Սերժ Սարգսեանին՝ լիապէս ճանչցած էին Թուրքը ու անոր ցեղասպան նկարագիրը։ Այդ կը վկայեն «եղեգնեայ գրչով», արիւնով ու ցաւով հիւսուած անոնց բանաստեղծութիւնները։ «Եւրոպական հագուստ»ը ոչ մէկ կապ ունի անոնց ձերբակալութեան, բանտարկութեան եւ նահատակութեան հետ։
Եթէ Սերժ Սարգսեան կարիքը կը զգայ Եւրոպայի դռները թակող Թուրքիոյ ղեկավարներուն պատգամ մը փոխանցելու, Եւրոպային ու արեւմուտքին բան մը յուշելու, ապա ազնիւ պէտք է ըլլայ ու հանգիստ ձգէ մեր սրբացած քերթողները։ Քաջ պէտք է ըլլայ իր աւարտին հասցնելու իր կիսատ թողած նախադասութիւնը եւ յստակ բառերով ձեւակերպէ իր տարտամ միտքերը։ Եթէ «Եւրոպական հագուստ»ը չի՛ կրնար ծածկել ցեղասպան թուրքին իսկութիւնը, ապա այդ մէկը պէտք է ըսել առանց թաքնուելու անորոշ արտայատութիւններու մշուշի ետին։ Սերժ Սարգսեանի այսօրուան գործընկերներուն՝ Կիւլին, Էրտողանին ու Տաւուտօղլուին նման օրին Թալէաթներն ու Էնվէրները եւս «եւրոպական հագուստ» կը կրէին , սակայն «եւրոպական հագուստ»ը երբէք չարգիլեց անոնց, որպէսզի թրքավարի վերաբերին հայութեան հետ։ Այսօր եւս, «եւրոպական հագուստ»ը բնաւ չարգիլեր նորօրեայ թուրք դահիճներուն, որ սպառնալիքներու եւ ազդարարութիւններու լեզուով խօսին Հայաստանին, հայ ժողովուրդին ու միջազգային համայնքին հետ։ Միեւնոյն օսմանցին է, որ նոյն նկրտումներով ու ազգային նոյն տեսլականով այսօր սանձարձակ կը ներխուժէ անկախ Հայաստանի սահմաններէն ներս։ Հետեւաբար, Սերժ Սարգսեան «եւրոպական հագուկապ, վարուեցողութիւն եւ արժէքներ ասելիս» իրաւունք չունի մոռնալու Դանիէլ Վարուժանի ու Սիամանթոյի նահատակութեան պատկերները։
Իր նահատակութենէն առաջ, Դանիէլ Վարուժան առիթով մը ըսած է՝ «կ՛ուզեմ ապագայի մարդերուն նուիրել այնպիսի «հզօր» երգ մը՝ որ հայրենիքը ինծի պէս արարած մը ծնած ըլլալուն գոնէ չզղջայ»։
Հայ ժողովուրդը ոչ միայն չզղջաց Դանիէլ Վարուժանի ու Սիամանթոյի նման քերթողներ ծնած ըլլալուն համար, այլ անոնց քերթողական հանճարը եւ հայրենապաշտութիւնը դարձան ներշնչումի աղբիւր ու դէպի յաւիտենականութիւնը ձգուած երգ։
Սերժ Սարգսեան պիտի կարենա՞յ Դանիէլ Վարուժանի նման «ապագայի մարդերուն» եւ իր ժողովուրդին ժառանգել այնպիսի «հզօր» երգ մը՝ որ հայրենիքը իր նման զաւակ մը «ծնած ըլլալուն գոնէ չզղջայ»։
Պատմութիւնը ի՛նք պիտի դատէ։
Պատմութեան անողոք վճիռը, սակայն, կարելի չէ փոխել կամ խմբագրել։
Իսկ պատմութիւնը՝ արդէն կը գրուի…