ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Շաբաթ, 27 Մարտի երեկոյեան, «Մեթրոփոլիթըն» պանդոկի «Տուպայ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպած ընթրիք-հանգանակութիւնը։ Աւելի քան 300 հոգիի ներկայութեան, Դաշնակցութեան համակիրները անգամ մը եւս գործնապէս սատարեցին Դաշնակցութեան ծրագիրներուն իրականացման աշխատանքներուն։
Օրուան հանդիսավարն էր Արմէն Ապտալեան։ Յաջորդաբար խօսք առին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայաստանի հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան:
Ցուցադրուեցաւ Դաշնակցութեան Լիբանանի կազմակերպութեան ընդհանուր գործունէութեան նկարագրականը կատարող տեսանիւթ։ Ընթրիքին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ ջութակահարներու խումբը եւ Կի Մանուկեանի ղեկավարած նուագախումբը։
Խանդավառ մթնոլորտի մէջ հանգրուաններով յայտարարուեցան նուիրատուներուն անուանացանկերն ու կատարուած նուիրատուութիւնները, որոնց գումարն է 480,000 ամերիկեան տոլար: