ՊԵՐԼԻՆ, ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան գերմանական «Տեր Շփիկըլ» թերթի Մարտ 27ի թիւով լոյս տեսած իր հարցազրոյցին մէջ կը յայտարարէ, որ եթէ հայկական Սփիւռքը Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ շարունակէ ճնշումները, թրքական իշխանութիւնները ստիպուած պիտի ըլլան Թուրքիայէն վտարելու ապօրինի կերպով հոն բնակող հայերը։
Պատասխանելով գերմանական ամսագիրի այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու եւ Շուէտի օրէնսդիրներուն ընդունած բանաձեւերուն պատճառով պէտք է պատժուին Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերը՝ Էրտողան յայտարարած է. «Իսկ ո՞վ ըսած է, որ անոր համար պատասխանատուութիւն կը կրեն հայերը։ Ես երբեք նման յայտարարութիւն չեմ կատարած։ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ մէկ տարի առաջ սկսաւ մերձեցման գործընթացը։ Կը փափաքինք կարգաւորել մեր յարաբերութիւնները։ Եւ այդ պահուն, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ, հայկական Սփիւռքի թելադրանքով, 1915ի իրադարձութիւնները «ցեղասպանութիւն» որակելու մասին որոշում կ՛ընդունուի։ Ատկէ ոեւէ մէկը չի շահիր։ Մենք հայկական Սփիւռքին եւ այդ Սփիւռքին աջակցող բոլոր երկիրներուն կ՛ըսենք. «Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին ինչպէս երկրի քաղաքացի համարուող, այնպէս ալ ապօրինի հաստատուած հայեր։ Մինչեւ օրս մենք չենք խօսած զանոնք երկրէն արտաքսելու մասին։ Սակայն, եթէ Սփիւռքը շարունակէ ճնշումները, ստիպուած պիտի ըլլանք այդ հարցին մէջ վերանայելու մեր մօտեցումը. ստիպուած պիտի ըլլանք ատիկա ընելու»։
Թուրքիոյ վարչապետը, խօսելով պատմաբաններու համատեղ յանձնախումբ ստեղծելու առաջարկին մասին՝ յայտարարած է, որ սոյն հարցին կապակցութեամբ, մինչեւ օրս ուսումնասիրուած է թրքական արխիւներու մէջ գտնուող շուրջ 1 միլիոն փաստաթուղթ։ «Եթէ պատմական հետազօտութիւններու իբրեւ արդիւնք ի յայտ գան լուրջ բաներ, ապա Թուրքիան պատրաստ է հաշիւի նստելու անոնց հետ։ Սակայն կարեւոր է, որ Հայաստանը եւս պատրաստ ըլլայ հաշիւի նստելու իր պատմութեան եւ անցեալին հետ», յայտարարած է Թուրքիոյ վարչապետը՝ աւելցնելով, որ «1915ին Թուրքիոյ մէջ հայերու դէմ ոչ մէկ ցեղասպանութիւն իրականացած է»։
Պատասխանելով «Տեր Շփիկըլ»ի այն դիտարկման, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման գործածած է «ցեղասպանութիւն» եզրը՝ Էրտողան յայտարարած է. «Եթէ ան օգտագործած է այդ բառը, ատիկա անոր սխալն է. բացի ատկէ, Միցեալ Նահանգները այդ խնդիրի կողմնակիցներէն չէ, եւ այս հարցին առնչութեամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած միւս երկիրներուն նման, դիտողի դիրքի մէջ է։ Հարցին հետ առնչութիւն ունեցողները մենք ենք եւ Հայաստանը։ Ատիկա մեր պատմութիւնն է։ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը 1915ին չէ ստեղծուած։ Այդ ժամանակաշրջանը Գերմանիոյ դաշնակիցը համարուող Օսմանեան կայսրութեան շրջանն էր»։
Նոյն յանձնաժողովին հարցով, Երկուշաբթի օր թուրք լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով՝ Էրտողան աւելցուց, թէ Անգարա ««ցեղասպանութեան» հարցը քննելու համար» պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբի յառաջացման առնչութեամբ Երեւանին ներկայացուցած իր առաջարկի պատասխանին կը սպասէ Հայաստանէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.