Վերջերս Երեւան այցելած թուրք մտաւորականներու, նախկին դեսպաններու եւ լրագրողներու շարքին էր նաեւ թուրք վերլուծաբան եւ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի գլխաւոր խմբագիր Մեհմետ Ալի Պիրանտ, որ ամփոփելով իր այցելութենէն ստացած տպաւորութիւնները՝ կը գրէ, որ եթէ մօտիկ ապագային Անգարա յստակ յայտարարութիւն մը չկատարէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններու առնչութեամբ, ապա Երեւան չեղեալ պիտի յայտարարէ այդ փաստաթուղթերը։
«Թուրքիան արձանագրութիւններու վաւերացումը կապեց հայ-ատրպեճանական յարաբերութիւններուն մէջ յառաջընթացին՝ Ատրպէյճանին տալով հայ-թրքական յարաբերութիւննրու վրայ վեթօ դնելու իրաւունք։ Հայկական կողմը կը յայտարարէ, որ Ղարաբաղը նախապայման չի կրնար ըլլալ եւ թէ Թուրքիան խաղը սկսելէ ետք փոխած է խաղի կանոնները ու անցած է Ատրպէյճանի կողմը՝ անտեսելով արձանագրութիւններուն տակ դրած իր ստորագրութիւնը», կը գրէ Պիրանտ։
Պիրանտ նաեւ կը յայտնէ. «Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Ապրիլի կէսերուն Ուաշինկթըն կատարելիք այցելութեան ծիրին մէջ պիտի հանդիպի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ, եւ պիտի մասնակցի հիւլէական ապահովութեան հարցերուն նուիրուած միջազգային վեհաժողովին, որուն, ի նշան բողոքի, հրաժարած է մասնակցելու վարչապետ Էրտողանը։ Այդ հանդիպումը կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ, ինչպէս արձանագրութիւններու ապագային, այնպէս ալ Օպամայի՝ ապրիլքսանչորսեան ուղերձին տեսանկիւնէն։ Մեզի հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովի ներկայացուցիչներէն մէկը յայտարարեց. «Այդ հանդիպումէն ետք մենք որոշում պիտի կայացնենք մեր առնելիք քայլերուն առնչութեամբ։ Կամ Թուրքիան նոր քայլ մը կ՛առնէ՝ վաւերացում կամ յայտարարութիւն, կամ մենք արձանագրութիւնները չեղեալ պիտի յայտարարենք»։
«Շատ հետաքրքրական յայտարարութիւն մը կատարեց նախագահական գրասենեակին մէջ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը՝ ըսելով, որ «եթէ Թուրքիա, ներքին հարցերու պատճառով յայտարարէ, թէ որոշ ժամանակով կը յետաձգէ արձանագրութիւններուն վաւերացումը, ապա մենք պիտի յարմարուինք անոր։ Արձանագրութիւնները չեղեալ յայտարարելը կամ պահարանին մէջ դնելը մեզ չի բաւարարեր։ Եւ երբ Թուրքիան պատրաստ ըլլայ, նորէն կարելի է վերսկսիլ գործընթացին»։ Իրավիճակը բաւական ճգնաժամային է», կ՛եզրակացնէ Պիրանտ։