Էջը Պատրաստեց՝ ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ
Էրիք Նազարեան ծնած է Հայաստան, 1976ին: 1981ին իր ընտանիքին հետ փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
4 տարի իր հօր՝ Հայկի «Ֆօթօ Լապ»ին մէջ պատրաստուելէ ետք, Էրիք կը նետուի «ֆօթօճուրնըլիզմ»ի ասպարէզին (լուսանկարիչ-թղթակից)՝ աշխատակցելով «Մուվի Մէյքըր»ին, «Ռիթըն Պայ»ին, «Արարատ Քորթըրլի»ին, «AIM»ին եւ «Արմինիըն Ռիփորթըր»ին հետ:

Անոր հայրը՝ Հայկ, զինք կը քաջալերէ հետեւելու ֆիլմի բեմադրութեան արուեստին:
Է. Նազարեան կը յաճախէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) School of Cinematic Arts. ուսանողական տարիներուն ան կը լուսանկարէ Լեռնային Ղարաբաղի յետ պատերազմեան կեանքը ու «Եու.Էս.Սի.»ի Պիլ Քոզպիի ամառնային արտադրութեան գործարանին (Bill Cosby’s Summer Production Workshops at USC) մէջ կը դասաւանդէ բեմադրութիւն:
2007ին, Էրիք կը գրէ եւ կը բեմադրէ «Տը Պլու Աուըր»ը (The Blue Hour)՝ իր առաջին երկար ֆիլմը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ Սան Սըպասդիըն (San Sebastian) 55րդ միջազգային փառատօնին: Էրիք թեկնածու էր Altadis-New Director’s Award-ին, որ կը համարուի առաջին ֆիլմի համար մեծագոյն մրցանակներէն մէկը:
Նազարեան կ՛արժանանայ Հայաստանի «Ոսկէ ծիրան» ֆիլմի փառատօնի «Հայկական փանօրամա» բաժինի «Լաւագոյն ֆիլմ», «Ժիւրի»ի, վարչապետի եւ սփիւռքի նախարարութեան բեմադրութեան յատուկ մրցանակներուն:
Ապա, «Արփա» միջազգային ֆիլմի 10րդ փառատօնին (AFFMA), Էրիք կը ստանայ «Լաւագոյն բեմադրի»չի մրցանակը՝ «Տը Պլու Աուըր»ին համար:
2008ին, ան կը տիրանայ «Աքատեմի աֆ մօշըն փիքչըրզ արդ էնտ սայընսըզ»ի (Academy of Motion Picture Arts and Sciences) հեղինակաւոր «Նիքոլ ֆելոշիփ ին սքրինրայթինկ» (Nicholl Fellowship in Screenwriting) մրցանակին՝ իր «Ճայընթս» (Giants) բեմագրութեան համար:
Է. Նազարեան նաեւ ընտրուած է թեկնածու ԱՄՆի Առողջապահական եւ մարդասիրական սպասարկութեան «Վոյս Աուըրտ»ին («Voice Award»): Իսկ վերջերս ան արժանացաւ Լիլիան եւ Վարնէոմ Փօլ (Lillian & Varnum Paul) 10,000 տոլար մրցանակին՝ իր «Միուզիք ֆոր Սթրէյնճըրզ» (Music for Strangers) բեմագրութեան համար:
Ներկայիս, Էրիք Նազարեան կ՛աշխատի շարք մը ֆիլմերու ծրագիրներու վրայ, ԱՄՆի, Եւրոպայի եւ Հայաստանի մէջ:
Վերջերս ան բեմադրեց Մարդկային իրաւանց համաշխարհային յայտարարութեան Հանրային ծանուցումը՝ դերասան ունենալով Մօրկըն Ֆրիմընը:
————————————————————————————————————————–
Էրիք Նազարեան Կը Պարգեւատրուի Սոֆիայի Շարժապատկերի Փառատօնին
Մարտ 13ին տեղի ունեցաւ, Պուլկարիոյ մէջ, «Սոֆիա» շարժապատկերի միջազգային փառատօնի փակման հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին բաշխուեցան մրցանակները:

Այս փառատօնին լոսանճելըսաբնակ բեմադրիչ Էրիք Նազարեան, «Միուզիք ֆոր սթրէյնճըրզ» (Music For Strangers) բեմագրութեան իր ապագայ ժապաւէնի ծրագիրով՝ կը մասնակցէր «Էլ.Վի.Թի.» մրցանակի «Սոֆիա Սինելինքս Սարայեւօ» բաժինի լաւագոյն «պատմում»ի (pitching) մրցոյթին (THE AWARD of LVT Sofia for best pitching in the «Sofia Cinelinks Sarajevo» Programme):Իբրեւ արդիւնք, ան արժանացած է մրցումի առաջնութեան՝ ստանալով 2000 եուրոյի պարգեւ մը:
Նշենք, որ Էրիք Նազարեանի սոյն ժապաւէնին ծրագիրը միակ հայկականն էր փառատօնին ներկայացուած շարժապատկերներու եւ ծրագիրներու ցանկին մէջ: «Միուզիք ֆոր սթրէյնճըրզ»ը փառատօնին ներկայացուած է իբրեւ ամերիկեան-հայաստանեան ծրագիր, նկատի ունենալով, որ բեմագրութեան (ապագայ ժապաւէնի) նիւթը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ:
————————————————————————————————————————-
Հարցազրոյց՝ Բեմադրիչ Էրիք Նազարեանի Հետ
«Ասպարէզ»ի աշխատակից Ճորճ Ատուրեան մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ շարժապատկերի բեմադրիչ Էրիք Նազարեանի հետ, անոր Սոֆիա մեկնումի նախօրեակին:
Նշենք, որ Է. Նազարեանի «Միուզիք ֆօր Ստրէյնճըրզ» ֆիլմի բեմագրութիւնը պիտի մրցէր Պուլկարիոյ 2010ի «Սոֆիայի Միջազգային Ֆիլմի Փառատօն»ին՝ լաւագոյն պատմում (pitching) դասակարգին մէջ:
Ապա, փառատօնէն վերադարձին, բեմադրիչը ունեցաւ կարճ զրոյց մը մեր աշխատակիցին հետ:
Ստորեւ վերոյիշեալ զրոյցներու առաջին եւ երկրորդ բաժինները.
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Նկատելի է, որ Լոս Անճելըս քաղաքը մեծ տեղ գրաւած է գործիդ մէջ: Այնպէս կը թուի, որ նոյնիսկ առաջին ֆիլմիդ գլխաւոր կերպարն է ան, ինչո՞ւ:
ԷՐԻՔ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Երբ ետ նայիմ եւ վերյիշեմ Լոս Անճելըսի մէջ անցեալս, այնտեղ կը տեսնեմ հարուստ անցեալ մը: Ճիշդ է որ ծնողներս պարսկահայ են, ես ծնած եմ Հայաստան եւ շատ փոքր տարիքիս փոխադրուած ենք Լոս Անճելըս, սակայն կրթութիւնս ստացած եւ կեանքիս 95 տոկոսը ապրած եմ այստեղ, ուրեմն՝ ամերիկահայ եմ:
Ես տեսայ ժամանակի ընթացքին զարգացող եւ փոփոխութեան ենթարկուող Լոս Անճելըսը: Կը կարծեմ, որ կրնամ այս քաղաքին մասին որոշ հեղինակութեամբ խօսիլ: Ամէնէն մեծ բանը, զոր այս քաղաքը ինծի տուաւ, բազմացեղութեան իրավիճակի հասկացողութիւնն է: Այս քաղաքը, անառարկելիօրէն, Արեւմտեան ափի Բաբելոնի աշտարակն է: Աշխարհի տարբեր անկիւններէ մարդիկ եկած եւ իրենց բոյնը շինած են այս քաղաքին մէջ: Ան կը նկատուի նոր սկիզբի, նոր կեանքի օրօրոցը: Մարդիկ եկած են այստեղ շարունակելու այն բոլոր երազները, զորս կիսատ ձգած են իրենց հայրենիքին մէջ: Իսկ մեզի՝ հայերուս համար, տարագրութիւնը անծանօթ բան չէ: Լոս Անճելըսը առիթ տուած է հայերուն նոր կեանք սկսելու՝ շրջապատուած աշխարհի տարբեր սքանչելի ժողովուրդներով: Ապրիլ իբրեւ մարդ արարած՝ շրջապատուած այլազան մշակոյթներով, սնանիլ իմ հայ մշակոյթովս, սակայն առանց սահմանափակուելու անոր մէջ: Սահմանը անցնիլ, կարենալ կապ հաստատել միւս մշակոյթներուն հետ ու զգալ օտարները՝ իբրեւ արուեստագէտ շատ կարեւոր է ինծի համար: Ապա նաեւ, կարենալ իմ մշակոյթս, ժառանգս, գրականութիւնս «սինեմա»ի ժամբով ներկայացնել այնպիսի իրպաշտութեամբ, որ կարելի չէ գրուած բառերով իրականացնել:

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ինչո՞ւ որոշեցիր շարժապատկերի բեմադրիչ դառնալ:
ԷՐԻՔ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Սինեմայի վերաբերեալ մեծագոյն ներշնչումս եղած է հայրս՝ Հայկ Նազարեանը, ինչպէս նաեւ, ընդհանրապէս ընտանիքս, որովհետեւ մեր ընտանիքի զրոյցներուն մեծ մասը կեդրոնացած էր սինեմայի վրայ: Ծնողքս, մեծ հայրս, հօրեղբայրս, բոլո՛րը կը խօսէին ֆիլմերու մասին եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր նախասիրած ժապաւէններ՝ «Ուեսթ Սայտ Սթորի», «Լօրընս աֆ Արապիա», «Տաքթըր Տճիվակօ», եւ այլն: Անոնք կը նստէին Կլենտէյլի մեր յարկաբաժինի նստասենեակը եւ կը զրուցէին շարժապատկերներու մասին: Կը յիշեմ, 4-5 տարեկան էի, երբ «Պէն Հըր» ժապաւէնը դիտեցի, չափազանց սքանչացած էի եւ ուզեցի այդ սայլը վարողը ըլլալ (ծիծաղ). ատիկա իմ նպատակս դարձաւ այդ օրերուն, ապա դիտեցի «Ինտիանա Ճոհնզ»ը եւ ուզեցի հնագէտ դառնալ… իւրաքանչիւր ֆիլմ իմ երեւկայութեանս մէջ բացուած պատուհան մըն էր:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Նախասիրած շարժապատկերի բեմադրիչներ ունի՞ս:
ԷՐԻՔ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Այո, եւ անոնք շատ են, իւրաքանչիւրը ներշնչումի տարբեր փորձառութիւններ տուած է ինծի, սկսած՝ Սպիլպըրկէն, Կոտարէն, անցնելով Պերթոլուչիէն մինչեւ Անթոնիոնի:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Երբ առաջին ֆիլմդ կը դիտենք, այնտեղ կը տեսնենք իւրայատուկ ոճ եւ ձեւի տիրապետում, հակառակ անոր, որ ան առաջինն է, բայց կարծես նախապէս արդէն տասը ֆիլմ բեմադրած ես. կը կարծե՞ս, որ արդէն դուն քու ոճդ, վերջնական ձեւդ գտած ես:
ԷՐԻՔ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Յուսամ ո՛չ (ծիծաղ): Ոճը եւ ձեւը ժամանակի ընթացքին կը զարգանան: Անոնք յարափոփոխ են, մարդու ներքին աշխարհին պէս: Երբ ներքինդ կը փոխուի, ոճդ ալ կը փոխուի: Բայց կը կարծեմ տակաւին ոճի փնտռտուքի մէջ եմ եւ յուսամ երբե՛ք չեմ գտներ զայն (ծիծաղ), ու իւրաքանչիւր ֆիլմ, որ բախտս թոյլ կու տայ իրագործել, առիթ մը կ՛ըլլայ յայտնաբերելու այնպիսի բաներ, որոնք բոլորովին անծանօթ են ինծի:

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Արդեօ՞ք դուն ՁԱՅՆ (Ըսելիք) ունեցող բեմադրիչ ես: Խօսքս քարոզչութեան մասին չէ, բեմադրիչը քաղաքագէտ չէ, այլ՝ կեանքի նկատմամբ տեսիլքներուդ եւ անոնց նկատմամբ կեցուածքիդ մասին է: Իսկ այդ ՁԱՅՆը ծանօ՞թ է քեզի, թէ ոչ կը պայքարիս զայն գտնելու համար:
ԷՐԻՔ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Գիտեմ որ ունի՛մ զգայնութիւններ, կը զգամ որոշ բաներ, որոնք կրնան լաւ ֆիլմի մը վերածուիլ, ըլլան անոնք անձնական կամ ոչ: Իմ համոզումներէս եւ սկզբունքներսէս վստահ եմ, գիտեմ ինչի՛ կը հաւատամ, եւ երբ գաղափարով մը կը տարուիմ, այդ գաղափարը ուղեղիս մէջ կը վերածուի ֆիլմի եւ անիկա ինծի համար կու գայ իբրեւ հրաշք, որովհետեւ ան, անկեղծօրէն, պիտի վերածուի զգացումի՝ մարդկային զգացումի:
* * *
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Նոր վերադարձած ես Սոֆիայի միջազգային ֆիլմի փառատօնէն, ուր ստացար լաւագոյն պատմումի (pitching) մրցանակը՝ «Միուզիք ֆոր Սթրէյնճըրզ» բեմագրութեան համար. պատմէ մեզի փորձառութեանդ եւ տպաւորութեանդ մասին:
ԷՐԻՔ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Սքաչելի փառատօն մըն էր. այնտեղ երանութիւնը ունեցայ հանդիպելու հոյակապ նոր ընկերներու՝ Էլլա Վաքքասովայի եւ Սաշա Տամժանովսքիի հետ: Երեքս միասին նոյն օդանաւով, ձիւնին մէջ, հասանք Սոֆիա: Երեքս միասին մեր պատմումները ներկայացուցինք եւ կողք կողքի նստանք մրցանակներու բաշխման արարողութեան, ուր երեքս ալ թեկնածու էինք նոյն դասակարգի մրցումին: Մեզմէ իւրաքանչիւրին համար անզուգական փորձառութիւն մըն էր ասիկա: Ինչպէս Էլլան մատնանշեց, երեքս ալ աշխարհի տարբեր անկիւններ ապրելով՝ կ՛ուզենք նկարահանել մեր հայրենիքներուն մէջ՝ Էլլան Իւզպեքիստանի մէջ, Սաշան Մակեդոնիոյ մէջ եւ ես՝ Հայաստանի: Ա՛յս է սինեմայի միացնող ուժը: Իմ «Միուզիք ֆոր Սթրէյնճըրզ» ժապաւէնի ծրագիրով (որ Սոֆիայի փառատօնի «Սինէլինք Սարայեւօ ծրագիր»ի լաւագոյն պատմում մրցանակը ստացաւ) նպատակ ունիմ իրագործել այնպիսի հայկական ֆիլմ մը, որ կարենայ սահմաններ կտրել եւ դիտողները իրարու կապել: