«ՄԱՐՄԱՐԱ»
Իսլամական արմատներ ունեցող Թուրքիոյ կառավարութիւնը տապալելու նպատակով մէջտեղ եկած «լախտի գործողութիւն» կոչուած զինուորական հարուածի հարցով դատավարութիւնը Հինգշաբթի, Ապրիլ 1ին զգայացունց նորութիւն մը ապրեցաւ, երբ մեծ թիւով ամբաստանեալ զինուորականներ, որոնք կասկածելի կը նկատուէին, դատաւոր Օքթայ Քուպանի որոշումով ազատ արձակուեցան: Անոնց մէկ մասը ոչ ձերբակալեալ վիճակով պիտի շարունակէ դատուիլ։
Ազատ արձակուած անձերուն գլխաւորն է հանգստեան կոչուած վաստակաւոր զօրավար Չէթին Տողան, որ թիւ մէկ ամբաստանեալը կը նկատուէր «լախտի գործողութեան» մէջ:
Չէթին Տողանի հետ ազատ արձակուեցան 19 ամբաստանեալներ։ Յատկանշական է նաեւ, որ այս 19էն 9 ամբաստանեալներ բոլորովին անպարտ հռչակուեցան։
Դատավարութեան նախագահող դատաւոր Նուրետտին Աք դէմ գտնուեցաւ ազատ արձակման որոշումներուն եւ ըսած, թէ վերապահութեամբ ստորագրութիւնը կը դնէ որոշումին տակ: Ան դիտել տուաւ, որ յանցագործութեան կասկած ներշնչող ուժեղ նշաններ կան եւ այս կասկածելիներուն ազատ արձակումը օրէնքի դէմ է, բայց չէ կրցած արգելք ըլլալ արձակման։ Այս արձակումներէն վերջ «Լախտի գործողութեան» բերումով ձերբակալուածներուն թիւը իջաւ եօթի։
Կը պնդուի, որ դատական համակարգէն ներս նկատուած կաղացումներուն մէջ իրենց դերը ունին Դատախազներու եւ դատաւորներու բարձրագոյն խորհուրդի անդամները, որոնք քաղաքական կեցուածք ունենալու մեղադրանքով կ՛ամբաստանուին։ Ասոնց շնորհիւ է, որ ամբաստանեալները ազատ արձակուեցան։ Միշտ նոյն դատաւորն է, որ ազատ կ՛արձակէ ամբաստանեալները։ Ա՛ն էր, որ անցեալները ազատ արձակած էր նաեւ վաստակաւոր զինուորական Տուրսուն Չիչէքը, հակառակ այն իրողութեան, որ փաստուած էր, թէ փաստաթուղթին տակ անոր ստորագրութիւնը կար։
Այժմ կը պնդուի, որ Դատախազներու եւ դատաւորներու բարձրագոյն խորհուրդը, որ կռուախնձոր մը դարձած է, շարունակ կը կացինահարէ դատական համակարգէն ներս միւս դատաւորներուն կողմէ ընդունուած որոշումները։
Կրնանք ըսել, որ կարգ մը դատաւորներ լախտի նոր հարուած մը իջեցուցին «լախտի գործողութեան» դատավարութեան վրայ։