ՅՈՎԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
Ի վերջոյ թուրքերը հասկցան, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները անկարող են զիրենք փրկել Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուութենէն եւ հայ ժողովուրդին հաշիւ տալու ծանր մղձաւանջէն։ Անոնք ի վերջոյ հասկցան, որ այդ արձանագրութիւններուն ետին կանգնող քաղաքական գործիչները՝ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, ինչքա՜ն անզօր են, ինչքա՜ն անկարող են զիրենք փրկելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական պատասխանատուութենէն։ Ու անոնք անգամ մը եւս իրենց հայեացքը դարձուցին դէպի հայկական Սփիւռք։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուն Սի.ԷՆ.ԷՆ Թուրք պատկերասփիւռի «Անգարայի Քուլիսները» յայտագրի ընթացքին յայտարարած է, որ ինք պատրաստ է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին առնչութեամբ շփումներ սկսելու նաեւ հայկական Սփիւռքի ներկայացուցիչներուն հետ։
Սա ապացոյցն է այն իրողութեան, որ թուրքերը Սերժ Սարգսեանի ճամբով բովանդակ հայ ժողովուրդին անձնատուութիւնը ապահովելու իրենց փորձին մէջ ձախողեցան։ Սերժ Սարգսեան չկարողացաւ հայկական Սփիւռքը եւս ներքաշել վտանգաւոր այդ խաղին մէջ։
Հակառակ իր ձեռնարկած սփիւռքեան ուղեւորութեան եւ բազմաթիւ լծակներու ճամբով սփիւռքահայութեան վրայ գործադրած քարոզչական ճնշումներուն, Սերժ Սարգսեան չյաջողեցաւ այդ արձանագրութիւններուն տակ իր դրած ստորագրութեան շուրջ համախմբել բովանդակ հայութիւնը։ Հայաստանէն ու Սփիւռքէն հնչած բողոքի, ընդվզումի եւ պահանջատիրութեան ձայները թէեւ չյաջողեցան զգաստացնել ազգային ուղղութենէն շեղում արձանագրած ՀՀ նախագահն ու իր գործակիցները, այսուամենայնիւ, յաջողեցան սահմանափակել անոնց սանձարձակ գործելու հնարաւորութիւնները։
Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկումի մասին զգայացունց ճառեր արտասանող ՀՀ նախագահը Ապրիլ 12-13, 2010ին պիտի այցելէ նաեւ Ուաշինկթըն, մասնակցելու համար Հիւլէական անվտանգութեան վեհաժողովին։ Դէտեր հաւանական կը նկատեն որ ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամայի հովանաւորութեամբ հանդիպում մը կրնայ տեղի ունենայ Սերժ Սարգսեանի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանին միջեւ։
Արդեօ՞ք Սերժ Սարգսեան Ուաշինկթընի մէջ պիտի կարենայ Էրտողանի ներկայութեան եւս խօսիլ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հայրենազրկումի մասին եւ կոչ ուղղել ԱՄՆ նախագահին՝ որպէսզի յարգէ իր խոստումը եւ պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։Դժուար է ըսել։ Արդեօ՞ք ան Ուաշինկթընէն պիտի կարենայ հրապարակաւ յայտարարել՝ որ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կարելի չէ՛ օգտագործել խուսափելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն։ Արդեօ՞ք ան պիտի կարենայ Ուաշինկթընէն ի լուր աշխարհին յայտարարել, որ ո՛չ մէկ միջպետական յանձնաժողով իրաւունք ունի քննելու Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը։Վերջապէս, Տաւութօղլուի օրինակով ինչո՞ւ ՀՀ նախագահը Ուաշինկթընէն պաշտօնապէս պիտի չդիմէ հետզհետէ աճող ու կազմակերպուող թրքական սփիւռքին՝ ճնշում բանեցնելու համար Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վրայ, որպէսզի ընդունին Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնն ու իրենց պատմական պատասխանատուութիւնը։
ՀՀ նախագահին Ուաշինկթընի քննութիւնը կրնայ որոշադրիչ նշանակութիւն ունենալ։ Լաւագոյն առիթը ընծայուած է անոր միջազգային հանրութեան յիշեցնելու «քաղաքակիրթ համարուող մարդկութեան մեծագոյն ամօթ»ը՝ անպատիժ մնացած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որուն ակնարկեց Տէր Զօրի մէջ իր արտասանած խօսքի ընթացքին։ Տակաւին աւելին՝ ան լաւագոյն առիթը ունի Ուաշինկթընի մէջ իրեն ընծայուած բեմը օգտագործելու, հրապարակաւ մերժելու համար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները եւ սանձելու Թուրքիոյ յառաջխաղացքը, որ Հայաստանի իշխանութիւնները դարպասելէ ետք՝ այսօր կը շարժի Սփիւռքի ուղղութեամբ։
Առաջին անգամ չէ որ թուրքերը կը փորձեն Սփիւռքը ներքաշել երկխօսութեան որոգայթին մէջ։ Անցնող տասնամեակներուն բազմաթիւ առիթներով կատարուած փորձերը տեղ չեն հասած։ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան օրերուն TARCի ճամբով թուրքերուն ու անոնց դաշնակիցներուն նախաձեռնած փորձին ձախողութիւնը տակաւին թարմ է անոնց յիշողութեան մէջ։
Թուրքերը ի վերջոյ համոզուեցան, որ Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւններով կամ պայմանագիրներով կարելի պիտի չըլլայ հակակշռել նաեւ Սփիւռքի հայութիւնը, որ ամրօրէն կառչած պատմական իր իրաւունքներուն ու ազգային արժէքներուն՝ յամառօրէն կը շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պայքարը՝ աւելի՛ վճռական ու աւելի՛ ինքնավստահ։
Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ճամբով Թուրքիոյ արձանագրած նուաճումներուն եւ ձեռք բերած լծակներուն վրայ յենած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէ՝ որ «միայն Հայաստանի հետ չէ որ կը փափաքինք կարգաւորել մեր յարաբերութիւնները։ Կ՛ուզենք շփումներ սկսիլ նաեւ Սփիւռքի մէջ ապրող հայերուն հետ։ Այս կէտին մէջ բոլոր հայերը նոյն հարթութեան վրայ դնելու, զանոնք իբրեւ մէկ ընդհանուր զանգուած դիտելու մօտեցումը սխալ կ՛ըլլայ։ Ատիկա պէտք է լաւ հասկնալ։ Պիտի ըլլան հայկական համայնքներ, որոնց հետ մենք պիտի կարենանք երկխօսութիւն ծաւալել։ Մենք պէտք է փոխենք անոնց պատկերացումները»։
Այս յայտարարութիւնը հիմնական չորս բաղադրամասեր ունի, որոնք բոլորն ալ հետեւանք են Սերժ Սարգսեանի վարած ապազգային քաղաքականութեան ու Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն։
ա.– Թուրքերը Հայաստանն ու Սփիւռքը կը դիտեն իբրեւ իրարմէ անջատ իրականութիւններ։
բ.– Թուրքերը արդէն կ՛անդրադառնան, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը անպայման չի՛ նշանակեր նաեւ հայութեան հետ իրենց պատմական հարցերուն կարգաւորումը։
գ.– Թուրքերը կ՛անդրադառնան, որ հայկական Սփիւռքը Սերժ Սարգսեանի նման պատրաստ չէ անձնատուութեան։ Սակայն անոնք կը յուսան, որ կարգ մը համայնքներ կարելի կ՛ըլլայ ներքաշել այդ երկխօսութեան մէջ ու այդ փաստը օգտագործել Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը խափանելու քարոզչական նպատակներուն համար։
դ.– Թուրքերը կը ձգտին փոխել Սփիւռքի հայութեան «պատկերացումները»։
Ժամանակին այսպէս կը մտածէին նաեւ Թալէաթ Փաշան, Էնվէրը, Ճեմալ Ազմին, Պէհէտին Շէքիրը։ Մինչ Տաւութօղլուն կը փորձէ փոխել Սփիւռքի հայերուն «պատկերացումները», անոր նախնիները կը կոտորէին կամ կը փորձէին փոխել հայութեան կրօնն ու ազգութիւնը։ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն գտնուեցան հայեր, որոնք չդիմացան կոտորածներու արհաւիրքին ու հարկադրաբար կրօնափոխ եղան ու թրքացան։ Պատմութեան մռայլ էջերուն մէջ արձանագրուած է նաեւ բազմահազար անմեղ հայ մանուկներու բռնի թրքացման ու իսլամացման տխուր իրողութիւնը։ Հիմա ալ ժամանակակից Թուրքիոյ ղեկավարները կ՛ուզեն փոխել Սփիւռքի հայութեան «պատկերացումները»։ Անոնց կը թուի թէ Հայաստանի հետ արձանագրութիւններու ստորագրումով յաջողած են փոխել Հայաստանի հայութեան «պատկերացումները»։ Իրականութեան մէջ անոնք ընդամէնը յաջողած են իրենց սադրանքին զոհ դարձնել Սերժ Սարգսեանն ու անոր գործակիցները, սակայն երբէք՝ հայրենի հայութիւնը։ Թուրքերը գործ ունին ոչ միայն Սփիւռքի հայերուն հետ՝ այլ համայն հայութեան հետ։
Հայկական Սփիւռքի մէջ կը գտնուի՞ն հայեր, որոնք կ՛ընդառաջեն Տաւութօղլուի երկխօսութեան կոչին։ Հաւանաբար այո։ Յիշենք, որ Սերժ Սարգսեանի սփիւռքեան ուղեւորութեան ընթացքին եւս գտնուեցան հայեր, որոնք ծափահարեցին նախագահին վարած քաղաքականութիւնը։ Սակայն յանուն ճշմարտութեան պէտք է նշել, որ շատ աննշան փոքրամասնութիւն մըն էր այդ հատուածը։ Սփիւռքի հայութեան գերակշռող հատուածը տակաւին Ո՛Չ կ՛ըսէ այդ արձանագրութիւններուն, Ո՛Չ կ՛ըսէ Սերժ Սարգսեանին։ TARCի փորձը եւս կը հաստատէ, որ կրնան գտնուիլ հայեր, որոնք կը ծառայեն թրքական շահերուն։ Միշտ ալ եղած են անոնք։
Այսուամենայնիւ, կարելի է անվարան յայտարարել, որ Տէր Զօրի ճանապարհով անցած հայկական Սփիւռքը չի՛ քալեր Սերժ Սարգսեանի անձնատուութեան ճանապարհէն։ Հայկական Սփիւռքը կը մերժէ՛ Թուրքիոյ նոր դահիճներու դարանակալ սադրանքին զոհը դառնալ։Թուրքերը Սփիւռքի մէջ անգամ մը եւս պիտի զարնուին հայկական պահանջատիրութեան ամուր պատին։ Հայկական Սփիւռքը Սերժ Սարգսեան չէ՛։ Հայկական Սփիւռքին համար Թուրքիոյ հետ ոեւէ երկխօսութիւն պայմանաւորուած է Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումով։ Անկէ ետք է միայն, որ թուրքերուն հետ կարելի է խօսիլ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներու վերականգնման մասին, արդարութեան վերահաստատման մասին, բռնագրաւուած մեր հայրենիքի հողերը իրենց իրաւատիրոջ վերադարձնելու եւ հատուցման մասին։ Անկէ ետք է միայն, որ կարելի է խօսիլ բարի դրացնութեան, «եղբայրութեան», համակեցութեան մասին։ Այլապէս՝ նման երկխօսութիւնները կը ծառայեն լոկ թրքական շահերուն ու խոցելի կը դարձնեն Հայաստանի ու հայութեան անվտանգութիւնն ու գոյատեւումը։
Տաւութօղլուն եւ իր նման մտածողները պէտք է հասկնան, ի վերջոյ պէտք է համոզուին, որ հայութիւնը կարելի չէ դիտել իբրեւ իրարմէ անջատ հատուածներ։ Հայոց Ցեղասպանութեան ու ազգային հիմնահարցերու պարագային հայութիւնը անբաժանելի մէ՛կ ամբողջութիւն է։ Անբաժանելի այդ ամբողջութենէն շեղած են ու հայութեան հաւաքական ձգտումներուն եւ իղձերուն անհաղորդ կը մնան Սերժ Սարգսեանն ու իր գործակիցները, որոնք այսօր իրենց ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցած են Հայաստանի իշխանութիւնները եւ ամէն գնով կը ձգտին տխրահռչակ արձանագրութիւններու հաստատումին։
Ազգի հաւաքական կամքին դիմաց ուշ կամ կանուխ կը խոնարհին բոլոր իշխանութիւններն ալ, ինչքան ալ հզօր ըլլան անոնք։ Ազգի հաւաքական իմաստութիւնը եւ վերապրելու բնածին ձգտումը ուշ կամ կանուխ երկրին մէջ կը վերահաստատէ ԱԶԳԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ։
HOYAGAB NERSHENTSOUM YEV HOTVATS,
VARTZGET GADAR, 1.5 MILLION ANMEGH NAHADAKNEROUN
HOKENERE LOUSAVORVETZAV YEV 1918 MAYIS 28 IE GERDOGHNEROUN
SHIRIMNERE TARMATZENELOV HOGHERNIN TETEVATZOUTZIR!!!
M A H H Y E A Z K I N K E L K H A V O R Y E R G O U T A V A J A N E R O O N
sarkisian-nalbandian
Esd tiv meg tavajanin aztin April 1in AHAZANKAYIN PROTOCOLNERE CHEGHIAL
HAMARVEL YEV TAGHVER……..OOOOOOOORRRRRRRRREEEEEEE TAVAJANNER
GETZE HO HE TAN
GETZE HYE ZHOGHOVOURTE HAMAYN ASHKHARHI
“… Թուրքերը գործ ունին ոչ միայն Սփիւռքի հայերուն հետ՝ այլ համայն հայութեան հետ”։!!!
“…Հայոց Ցեղասպանութեան ու ազգային հիմնահարցերու պարագային հայութիւնը անբաժանելի մէ՛կ ամբողջութիւն է”
AYO!!! AYO!!! AYO!!! AYO!!! AYO!!! AYO!!!
Hayots Tseghaspanutyan nakhoreyin, turkeri het handipelu voch mi patjar chuni SPYURKE!!!
Ete Hayastani vra karogh en azdel, apa SPYURKN azat u irok, ankakh e!!! Nra var azdelu LTSAK chka!!!
Roza, shenorhagal yem oushatir ellalout im kratzis,
SPURKI HAYERE TZEGHASPANOUTYOUNEN PERGEVOGHNEROON VERABROGHNERN
YEN MIYEVNOUN ADEN IRENK YEN BAHANCHADER KRAVATS HOGHEROON, GALVATSNEROON,
VANKEROON,YEGEGHETZINEROON,SEPAGAN DOONEROON,1.5 MILLION NAHADAGNEROON
BADGANOGH , AHA TE INCHOO TURKE KORTS OONI , SPURKI HAYEROU HED,HOGHEROO,GALVATSNERO
VERATARTZENELE ARAVEL NOOYTAGAN HADOOTZOOM,HOOSAM VOROSHOOMI GE KASS
ARANTS SPURKI NERGA ISHKHANOOTYOUNE CI GARELI KHOSIL SPURKAHAYOOTIAN ANOONOV
VOTCH AL VOROSHOOM ARNEL HEDEVIALNEREN,
1- TZEGHASBANOOTYAN MASIN
2-HOGHEROO KRAVMAN MASIN
3-ARTZAKHI AZADOOTYAN MASIN
GETZE HYE AZKE AMENOOREG