ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը, վկայակոչելով անանուն դիւանագիտական աղբիւրներ՝ Հինգշաբթի, Ապրիլ 1ին կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թան, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւի վաւերացումէն ետք կանչուած էր Անգարա, յառաջիկայ քանի մը օրերուն պիտի վերադառնայ իր պարտականութիւններուն։ «Նամըք Թանի վերադարձի առնչութեամբ առայժմ պաշտօնական յայտարարութիւն չէ եղած, սակայն մեծ է հաւանականութիւնը, որ ան յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին վերադառնայ Ուաշինկթըն», կը գրէ թերթը։
Այս հարցին առնչութեամբ, «Ռատիքալ» պարզաբանումներ խնդրած է թուրք դեսպանէն, սակայն Նամըք Թան որեւէ մեկնաբանութիւն չէ ըրած։ «Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները կը նշեն, որ Նամըք Թան Ուաշինկթընի մէջ պիտի գտնուի նախքան Ապրիլ 12-13ին կայանալիք հիւլէական ապահովութեան հարցերու միջազգային ժողովը», կը գրէ «Ռատիքալ»։
Ըստ թրքական քաղաքական շրջանակներու, Թան պիտի վերադառնայ Ուաշինկթըն, որովհետեւ Թուրքիա բաւարար նկատած է այն յայտարարութիւնները, որոնք կատարուեցան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի եւ անոր օգնականներուն կողմէ:
«Եթէ հարցուի, թէ ի՞նչ բանի կը ծառայեն դեսպանները շարունակ ետ քաշելու, ապա զանոնք իրենց պաշտօնին վերադարձնելու ռազմավարութիւնը, Անգարայի դիտորդները կը պատասխանեն, թէ ասիկա բողոքի ու դիմացի կողմին պատգամ մը փոխանցելու ուժեղ միջոցառում է, եւ ոչ թէ այդ երկրի հետ յարաբերութիւնները խզելու կամ խանգարելու դիտաւորութիւն», կը գրէ «Մարմարա»:
Միւս կողմէ, «Ազատութիւն» կայանը կը հաղորդէ, թէ Շուէտի վարչապետ Ֆրետրիք Ռայնֆելտ ողջունած է Թուրքիոյ դեսպանին վերադարձը Սթոքհոլմ։ Վարչապետի մամլոյ քարտուղարը յայտարարած է, թէ Շուէտ գոհ է, որ «դիւանագիտական յարաբերութիւնները կը պահպանուին»։ Թուրքիոյ դեսպանը Մարտ 30ին վերադարձած է Սթոքհոլմ։ «Վերադարձս կարելի եղաւ, երբ Շուէտի կառավարութիւնը վստահեցուց, որ պիտի չկիրարկէ խորհրդարանին վաւերացուցած որոշումը», յայտարարած էր Թուրքիոյ դեսպանը՝ ակնարկելով Ցեղասպանութեան բանաձեւին:
Վերջապէս, Պոլսոյ Պօղազիչի համալսարանին մէջ հաւաքի մը ընթացքին, Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէյմզ Ճեֆրի խօսեցաւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մասին ու ըսաւ, որ շրջանի կայունութեան համար շատ կարեւոր է, որ Թուրքիա Հայաստանի ու Իսրայէլի հետ կարենայ աշխոյժ յարաբերութիւններ հաստատել։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.