ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Չորեքշաբթի, Մարտ 31ին, Դամասկոսի մէջ ընդունեց Լիբանանի Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննեց երկու երկիրներուն միջեւ պատմական ու եղբայրական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները։ Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ զինեալ դիմադրութեան կարեւորութիւնը եւ իսրայէլեան բռնարարքներուն դիմաց Լիբանանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու անոր կարողութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին Ժոմպլաթ դրուատեց Լիբանանի նկատմամբ նախագահ Ասատի կեցուածքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովութեան եւ կայունութեան նկատմամբ անոր յանձնառութիւնը։
Տիւրզի ղեկավարը արժեւորեց բոլոր այն ջանքերը, որոնք ի գործ դրուած են նախագահ Ասատի կողմէ՝ ի խնդիր երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման։
Աւելի ուշ, Ժոմպլաթ յայտարարեց, որ նախագահ Ասատի հետ իր հանդիպումը եղած է մտերմիկ եւ անկեղծ։
Հինգշաբթի օր, Դամասկոս այցելեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ, ծերակուտական Ճոն Քերին, որ մէկ օր առաջ նաեւ Լիբանան այցելած էր:
Ասատի եւ Քերիի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին կողմերը քննեցին տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման բանակցութիւնները վերսկսելու կարելիութիւնները:
Երեք ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, Քերի յայտարարեց, թէ Սուրիա պատրաստակամութիւն յայտնած է գործօն մասնակցութիւն բերելու Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու աշխատանքներուն, եւ աւելցուց, թէ այս գործընթացին Սուրիոյ մասնակցութիւնը յոյժ կարեւոր է: Ան միաժամանակ մտահոգութիւն յայտնեց այն տեղեկութեանց մասին, թէ՝ Լիբանանի «Հըզպալլա» կազմակերպութիւնը կը շարունակէ զինուիլ Սուրիոյ միջոցաւ փոխադրուող զէնքերով:
Յիշեցնենք, թէ Թուրքիա 2008ին փորձեց անուղղակի բանակցութեանց ճամբով վերակենդանացնել Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ 2000էն ի վեր սառեցուած բանակցութիւնները, սակայն անոր առաքելութիւնը ձախողեցաւ:
Իր կարգին, Ասատ շեշտեց, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Սուրիոյ միջեւ «շինիչ երկխօսութեան շարունակութիւնը» յոյժ կարեւոր կը նկատէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.