ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Մարտ 20ին, Կլենտէյլի «Civic Auditorium»ի մէջ տեղի ունեցաւ «æան Թաւրիզ» կազմակերպութեան վարչութեան կողմէ պատրաստուած տարեկան ընթրիք-պարահանդէսը, որուն նպատակն էր ի մի հաւաքել թաւրիզահայութիւնը՝ ի յիշատակ թաւրիզահայութեան կողմէ շատ սիրուած, երջանկայիշատակ առաջնորդ Ներսէս արք. Մելիք Թանգեանի: Ձեռնարկին շահոյթը պիտի ուղարկուի հայրենիք՝ կրթա-մշակութային կեդրոնի կառուցման համար: «æան Թաւրիզ» կազմակերպութեան ատենապետ Ալպերթ Աւանէսեանի վկայութեամբ, այս ձեռնարկը արդէն հինգ տարիներէ ի վեր կը շարունակուի մեծ խանդավառութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.