ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Յաջորդական իններորդ տարին ըլլալով, Կլենտէյլի պետական չորս երկրորդական վարժարաններու Հայ ուսանողներուն միութեանց համատեղ ջանքերով, Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ:
Այս տարուան ձեռնարկին թուականն է Ապրիլ 21ը, Կլենտէյլի երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ (1440 Broadway), երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ: Սրահին դռները պիտի բացուին երեկոյեան ժամը 6:30ին:
Ձեռնարկը կազմակերպողները կոչ կ՛ընեն համայնքին, որ խուռներամ մասնակցութիւն բերէ սոյն ձեռնարկին, որուն յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ոչ միայն նշեալ չորս վարժարաններու աշակերտները, այլ նաեւ Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական (ԴՄԿ) հաստատութեան սաները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.