ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը ծրագրած է այս տարի, Հայկական Ցեղասպանութեան առիթով Փասատինայի նոր Հայ կեդրոնին մէջ կազմակերպել արիւնարշաւ մը՝ համագործակցութեամբ շրջանին մէջ գործող հայկական այլ կազմակերպութեանց, եւ հրաւիրելով հայկական բոլոր կազմակերպութիւնները միանալու այս նախաձեռնութեան:
Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Իշխան Պօղոսեան կը յայտնէ, թէ արիւնարշաւը շատ լաւ առիթ մըն է շնորհակալութիւն յայտնելու Միացեալ Նահանգներուն, որ Ցեղասպանութենէն ետք հասաւ հայութեան օժանդակութեան:
Հետաքրքրուող կազմակերպութիւնները կրնան դիմել ancpasadena@gmail.com հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.