ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Օրէնճ Քաունթիի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած իր տարեկան չորրորդ քայլարշաւը կազմակերպել Շաբաթ, Ապրիլ 17ին:
Հինգ մղոնի քայլարշաւը պիտի սկսի Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիէն, կ.ե. ժամը 1ին կայանալիք եկեղեցական արարողութենէ մը ետք:
Մասնակիցները Սանթա Անայի, Կարտըն Կրովի, Ուեսթմինիսթըրի ու Ֆաունթըն Վելիի կարգ մը թաղամասերէն անցնելէ ետք պիտի վերադառնան եկեղեցի, ուր պիտի իրագործուի ոգեկոչման կարճ յայտագիր մը:
Քայլարշաւին արձանագրուելու համար, այցելել www.walkoc.org համացանցային կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.