Մ.Գ.
Մարտ 20ին, ՀԲԸՄ «Մանուկեան» կեդրոնի «Պոյաճեան» սրահին մէջ (Փասատինա, Քալիֆորնիա) տեղի ունեցաւ խիստ օգտաշատ մանկավարժական աշխատանիստ մը՝ նուիրուած հայերէնի դասաւանդման ուղղութեամբ մշակուող ու քայլ առ կիրարկուող համապարփակ ուսումնական ծրագիրին։ Մասնակցող դպրոցներն էին ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան, ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ «Յովսէփեան», Սահակ-Մեսրոպ, Հայ Քոյրերու, ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան եւ Մխիթարեան վարժարանները:
Երեք ժամ տեւած աշխատանիստի ղեկավարն էր «Պապայեան» հիմնարկի ատենապետուհի փրոֆ. Սիլվա Գարայեանը (California Lutheran University)։ Ան յոյս յայտնեց, որ հիմնարկի աշխատանքներուն շնորհիւ զգալի բարեփոխութիւններ կը յառաջանան հայ նոր սերունդի հայեցի որակաւոր դաստիարակութեան բնագաւառին մէջ։
Հիմնարկի վարչական կազմի անդամուհիներէն՝ Քալիֆորնիոյ հանրային վարժարաններու երկարամեայ մեթոտաբան դոկտ. Պերճուհի Քուքէեան խօսեցաւ Քալիֆորնիոյ կրթական համակարգի չափանշային դրութեան հիման վրայ՝ հայերէնի համապարփակ ուսումնական ծրագիրի անհրաժեշտութեան եւ անոր բերելիք օգուտներուն մասին։
Դոկտ. Էլլիէ Անդրէասեան (ՀԲԸՄի վարժարաններ) մանրամասնօրէն ներկայացնելէ ետք չափանշային համակարգի պատրաստութեան գործընթացն ու անոր կիրարկման եղանակը, ցոյց տուաւ Քալիֆորնիոյ կրթական համակարգի հիման վրայ ստեղծուած չափանշային դրութեան զգալի առաւելութիւնը։ Ան դրուատեց ՀԲԸ միութեան Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի հայագիտական բաժանմունքի կատարած աշխատանքը՝ սոյն ծրագրի պատրաստութեան գործընթացին մէջ։
Մանկավարժական աշխատանիստին իրենց փորձառութիւններուն մասին ելոյթներ ունեցան նաեւ մասնակից ուսուցիչներ, որոնք ներկաներուն փոխանցեցին իրենց փորձառութիւններէն զանազան դրուագներ։