ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Կ՛ըսեն, թէ ընկերային բոլոր շրջանակներուն մէջ ալ մէկ կամ երկու «որդնոտած խնձոր»ներ կ՛ըլլան: Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներուն պարագային եւս, այս հաստատումը ի զօրու է ներկայիս, ինչպէս որ էր նաեւ անցեալին: Անոնցմէ մէկն է Եգիպտոսը, ուր Երեքշաբթի, Ապրիլ 6ին, ոստիկանութիւնը անգամ մը եւս պարտադրուեցաւ բռնարարաքներու դիմելու եւ ձերբակալեց աւելի քան 60 ցուցարարներ, որոնք մերժած էին իշխանութեանց անհեթեթ այն պնդումը, թէ մօտաւորապէս 30 տարի առաջ հռչակուած արտակարգ վիճակին պատճառով ցոյցերը կը շարունակեն արգիլուած մնալ երկրին մէջ:
Ցուցարարները, որոնք չէին կրցած սահմանադրական բարեփոխումներ ու արդար նախագահական ընտրութիւններ պահանջող իրենց ցոյցին համար արտօնութիւն ստանալ, որոշած էին ցոյց կատարել, հակառակ ապահովական մարմիններու սպառնալիքներուն:
Ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Էյման Նուր «վարկաբեկի»չ որակեց այն իրողութիւնը, որ հարիւրաւոր զինուորներ հաւաքուած են քանի մը տասնեակ ցուցարարներու խաղաղ ցոյցը ճզմելու նպատակով:
1981էն ի վեր Եգիպտոսի նախագահի աթոռին վրայ գտնուող Հոսնի Մուպարաք կը շարունակէ իր հակակշռին տակ պահել երկիրը՝ սահմանափակելով ընդդիմութեան իրաւունքները այս տարի կայանալիք խորհրդարանական ու յառաջիկայ տարուան նախագահական ընտրութեանց նախօրեակին:
Ընդդիմութեան աղբիւրները կը յայտնեն, թէ ցուցարարները նեցուկ կը կանգնին ՄԱԿի Հիւլէական ուժանիւթի հիմնարկի նախկին նախագահ եւ Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի արժանացած Մուհամմատ Պարատէյի թեկնածութեան, հակառակ այն իրողութեան, որ ան ցարդ պաշտօնապէս իր թեկնածութիւնը չէ դրած: Ըստ ներկայ օրէնքներուն, ան չի կրնար նախագահական ընտրութեանց մասնակցիլ, իսկ Երեքշաբթի օրուան ճզմուած ցոյցին մասնակիցներուն պահանջներէն մէկը այդ սահմանափակումը վերցնելն էր:
Առնուազն հետաքրքրական է (եթէ ոչ՝ անհեթեթ), որ մենատիրական նման քաղաքականութիւն որդեգրած Եգիպտոսը կը շարունակէ ամէն տարի ամերիկեան իշխանութիւններէն միլիառաւոր տոլարի օժանդակութիւններ ստանալ, շնորհիւ Իսրայէլի հետ գոյացուցած իր խաղաղութեան համաձայնագիրին, մինչ մօտակայ երկիրներուն մէջ նոյն ամերիկեան իշխանութիւնները միլիառաւոր տոլարներ կը ծախսեն՝ «ժողովրդավարական կարգեր հաստատելու» նպատակով: