ՀԵՆՐԻԿ ԱՆԱՍԵԱՆ
– Այո~, տղաք, բան գրեցէք, որ բանի մը նման ըլլայ։ Ի՞նչ կը գրենք, որո՞ւ համար կը տպենք երկարաշունչ, ոչ մէկ բան չըսող, մեր հոգիին եւ մտածումներուն անյարիր գրութիւններ ու «յօդուածներ»։ Ո՞վ է կարդացողը,- միայն անոնք, որոնց անունը կամ լուսանկարը կայ որեւէ գրութեան մէջ։
Երբեւէ անդրադարձա՞ծ էք, որ նոյնիսկ մենք՝ գիրի եւ գրիչի մարդիկս ալ շատ անգամ չենք կարդար մեր բազմաթիւ լրագիրները եւ տպագրական շքեղութեամբ փայլող, ամերիկեան բարձրարուեստ տպագրութեանը չզիջող կարգ մը ամսագրեր եւ պարբերականներ։ Շատ անգամ մենք պարզապէս կը թերթատենք այդ թերթերը՝ հետաքրքիր նիւթ մը, յօդուած մը, ԲԱՆ մը գտնելու ակնկալութեամբ, բայց ամէն օրուայ պէս, յուսախաբ կըլլանք ու մէկ կողմ կը նետենք։
Չենք կարդար, որովհետեւ բան չենք գտներ անոնց մէջ։ Բան մը, որ ԲԱՆ արտայայտէ, բան մը՝ որ ԲԱՆ մը ցոյց տայ։ Էջեր լեցնելու պարտաւորուածութեան տակ կքած, շատ անգամ ԲԱՆեր կը տպենք, որոնց կարդալը պարզապէս ժամանակի կորուստ ըսել է։ Մենք՝ գրչի մարդիկս պարտաւոր ենք գրել ու տպել բաներ, որոնց մէջ ԲԱՆ ըլլայ, հակառակ պարագային պիտի յիշենք Յակոբ Պարոնեանը, որ կ՛ըսէ. ԲԱՆ ՄԸՆ Է, ՈՐ ԲԱՆԻ ՄԸ ՉԻ ՆՄԱՆԻՐ…։ Իսկ՝ ամէնակարեւորը. ԲԱՆ ըսելու, ԲԱՆ գրելու համար ԸՍԵԼԻՔ պիտի ունենալ։
Ուրեմն՝ ԲԱՆ պիտի գրել եւ ԲԱՆ խօսիլ, որ ԲԱՆԻ մը նման ըլլայ։
Ըսել է, թէ որքան կարեւոր բառ է ԲԱՆը։ Եւ մենք այնքան կարեւորութիւն տուած ենք այդ բառին, որ անոր արժէքը հասցուցած ենք Աստծոյն։ Եւ որքա~ն ԲԱՆեր կ՛արտայայտէ ԲԱՆը. խօսք, գործ, աշխատանք, դէպք։ Մեր առօրեայ կեանքին մէջ բնաւ չենք անդրադարձած, որ մեր բոլոր խօսակցութիւններու, գործերու ընթացքին գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, շատ յաճախ կը գործածենք ԲԱՆ բառը։ Օրինակնե՞ր,- խնդրեմ.
– Աստուծոյ բանն էր, մարդը ձգեց գնաց։ Այսինքն Աստուծոյ գործն էր։
– Օննիկի ըսածները բանի տեղ մի դներ։
– Գործով-բանով ինկաւ, աղջկան տուած խոստումը մոռցաւ։
– Բանիդ գնա՛,- շառաչուն ապտակ մը զարնելով Կարոյի երեսին պոռաց Սուրէնը։
«Բան գրեցէք» ըսելով, կ՛ուզեմ հասկցնել, որ բան գրեցէք, որուն մէջ բան ըլլայ. հետաքրքիր նիւթ, պատմութիւն, տեղեկատուութիւն, հեքիաթ, մշակոյթ։ Մէկ խօսքով, մեր կեանքի բազմակողմանի նկարագրութիւն։ Անցեալ եւ ներկայ ժամանակներու նշանակալի իրադարձութիւններ, մանկա-պատանեկան հետաքրքրութիւններու ամբողջական, յատուկ քաղաքականութեամբ առաջնորդուած գրութիւններ։
Ապա թէ ոչ, ի՞նչ է մեր ըրածը. երկար-բարակ, քանի մը էջնոց նկարագրութիւն այսինչ կամ այնինչ հանդիսութեան կամ՝ ճաշկերոյթի մը նկարագրութիւն, յաւելեալ՝ մէկ-երկու էջնոց լուսանկարներ, որոնց մէջ անպայմանօրէն պէտք է երեւնան համայնքիս ջոջերը։ Վա~յ մեզի եթէ մէկու մը անունը կամ պատկերը մոռնանք։ Յաջորդ անգամին չես համարձակիր անոնցմէ օգնութիւն կամ նուիրատուութիւն խնդրել։
Սխալ չհասկնանք. ես բնաւ դեմ չեմ համայնքային կեանքին վերաբերող նիւթերու տպագրութեան, պարզապէս պէտք է հպանցիկ կերպով անդրադառնալ նման երեւոյթներու, խնայելու համար պարբերութեան էջերը, որոնք կարօտ են ա՛լ աւելի արդիական, գրաւիչ նիւթերու տպագրութեան։
Լա~ւ կը հասկնամ ձեր մտահոգութիւնը, սիրելի գրչակից բարեկամներ։ Ես ալ ժամանակին, ասկէ երեսունմէկ տարի առաջ խմբագրած եմ իմ հիմնադրած «ՀԱՅԱՐՈՒԵՍՏ» շաբաթաթերթը, որուն արտօնատէրն էր այս կեանքէն անփառունակ հեռացած լիբանանահայ Վարդ Նազարեանը, Վարդ Թրավըլ ճամբորդական ընկերութեան տէրը։
Ես ալ շատ անգամ բաներ կը տպէի, որ սրտէս չէր խօսէր, բայց հեղինակներու չգոյութիւնը եւ էջերը «լեցնելու» մտահոգութիւնը կը ստիպէր զիս կտրէ-փակցուր գործելակերպով շարժիլ )բան մը, որ ընդհանրացած է շատո~նց( եւ մէջտեղ հանել թերթը։ Իսկ խեղճ հայրս, այդ նշանաւոր հայագէտն ու պատմաբանը, բաւական հասունցած տարիքին, փոստատուն կը վազէր փոքրաթիւ բաժանորդներուն թերթերը ժամանակին ղրկելու համար։ Առ այսօր չեմ մոռցած բաժանորդի մը դժուարութեամբ ընթեռնելի նամակը, որուն մէջ գրած էր. «Թերթ մի ղրկէք, հայերէն կարդացող չունինք»։
Հիմա ուրիշ են ժամանակները. կարդացող կայ, թէեւ փոքրաքանակ, տպագրելիք նիւթ որքան որ կ՛ուզես։ Ուրիշ բան )նայեցէք՝ նորէն ԲԱՆը մէջտեղ եկաւ(, որ հեղինակ չկայ, գրող չկայ, գրիչ շարժողներ՝ լեցուն, որոնց տափակ, ոչինչ չըսող, ԲԱՆ մը չարտայայտող «գլուխ-գործոցները» սիրայօժար տպագրութեան կ՛արժանանան մեր մամուլին մէջ։
Թերթի մը բովանդակութիւնը հետաքրքիր դարձնելու համար անհրաժեշտ է նոր ուղիներ փնտռել, օգտուիլ օտարալեզու հրատարակութիւններու փորձէն։ Կը հասկնամ անշուշտ, որ կուսակցական թերթի մը առաքելութիւնը բոլորովին այլ է, սակայն այդ թերթերու խմբագիրները պարտաւոր են նկատի առնել այն պարագան, որ միայն կուսակցականները չեն, որ կը կարդան այդ թերթերը։
Շատ անգամ լրագիրը թերթատելու ատեն քեզի կը թուայ թէ այդ օրուան թիւը յատկապէս նուիրուած է այսինչ կամ այնինչ դպրոցի ձեռնարկին, ասոր կամ անոր յոբելինական հանդիսութեանը կամ օրեր շարունակ թմբկահարուած ճաշկերոյթ-պարահանդէսի մը։ Քսան եւ շատ անգամ աւելի էջերով համալրուած թերթը կը բանաս եւ հինգ վայրկեան վերջը մէկ կողմ կը նետես։ Ինչո՞ւ,- որովհետեւ ԲԱՆ չես գտներ մէջը կարդալու։
Նորութիւնները արդէն լսած ու դիտած ես հեռատեսիլի բոլոր կայաններէն, ան ալ օրը քանի մը անգամ, հայաստանեան լուրերը, փառք Աստուծոյ, հայկական կայաններն ալ, սուտ կամ իրաւ, շեփորած են մէկը միւսին հրմշտելով օրը քսանչորս ժամ։ Քեզի կը մնայ փնտռել հետաքրքիր, ուսուցողական, իմացական նիւթեր, հումոր, նորավէպ մը, պատմուածք մը, ի՞նչ գիտնամ… ԲԱՆ մը, որ ԲԱՆԻ ՄԸ ՆՄԱՆԻ։
Հազուագիւտ երեւոյթ է գրական-երաժշտական որեւէ արժէքաւոր երեկոյի մը մասին լուրջ, մասնագիտական որեւէ յօդուած կարդալը, թէեւ նման ձեռնարկները շատոնց անհետացած են մեր սրահներէն:
Այս ամէնը ինչ որ կըսեմ՝ մեզի համար է՝ միջին եւ աւագ սերունդի համար։ Երիտասարդութիւնը բնաւ չի կարդար։ Համակարգիչը քանդեր է ամէն աւանդոյթ։ Կարդալը մշտապէս աւանդոյթի մաս կազմած է մեր պատմութեան ընթացքին։
Մեր մամուլի ղեկավարները պէտք է նորանոր միջոցներ փնտռեն իրենց թերթերու եւ պարբերականներու ընթերցողներու գէթ այսօրուայ բանակին թիւը չնուազեցնելու համար։
Ինծի պէս շատեր, կարդալու իրենց հաճոյքը հիմնականին մէջ կ՛առնեն օտար լեզուով հրատարակուող պարբերականներէ։ Նախանձելի փութկոտութեամբ ռուսական )ռուս-հրէական( համայնքին տէրերը ստեղծեցին շարք մը շաբաթաթերթեր եւ այլ պարբերականներ, որոնք ընթերցողներու լայն շրջանակ ապահովեցին նաեւ մեր համայնքի… հաշւոյն։
…
Թերթը պիտի ԲԱՆ խօսէ, ԲԱՆ ըսէ, տեսակ մը շարժուն ըլլայ։ Հակառակ պարագային մենք ընթերցողներս անգամ պիտի դադրինք հայերէն թերթ կարդալէ։
Ընդհանուր հետաքրքրութիւններու աղբիւր պիտի ըլլայ մամուլը եւ պիտի կարենայ ընթերցողներու լայն շրջանակներ ապահովել, որպէսզի անոնց օգնութեամբ կարենայ հեռու պահել մեր ժողովուրդին օրաւուր աճող ճերմակ ջարդէն։
(Յապաւուած որպէսզի ԲԱՆը աւելի իր նպատակին ծառայէ-ԽՄԲ.)
Այս երկարաշունջ գրութիւնն ալ ԲԱՆԻ մը չի նմանիր՛
Համաձայն եմ, բայց ոչ թէ միայն բան մը գրել այլ անընդհատ հոսանք բաներու։ Կարեւոր է նաեւ թէ ինչպէս բանի մասին պէտք է գրենք։ Այսինքն՝ գրելու ոճն էլ հարկաւոր է։ Երանի թէ Հեղինար Մելքոնեանը մի հատ էլ սիրուն մի բան գրէր հայերէնով։ Նա շատ տաղանդաւոր է եւ կարծում եմ պէտք է հայերէն գրէ։ Ինձ թւում է թէ նա շատ աւելի յաջող եւ ազդեցիկ գրող կ՛դառնայ եթէ նա հայերէն գրէ։