ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ամէն տարի, Ապրիլ 24ի նախօրեակին, Հայկական Ցեղասպանութեան մասին լուրերը լայն սիւնակներ կը գրաւեն թրքական թերթերուն մէջ։ Թուրքիա, նկատելով որ երկրին մէջ վերջին տարիներուն այս նիւթին շուրջ այլախոհ թուրք մտաւորականներու խմբակ մը ձեւաւորուած է՝ այս տարի, բաղդատաբար անցեալ տարիներու հետ, այս նիւթին շուրջ առաւել աշխոյժ աշխատանքի լծուած է՝ արգելք հանդիսանալու համար Ամերիկայի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ընդունելու քայլերուն:
Այս շրջանակէն ներս, Էրզրումի «Աթաթիւրք» համալսարանի ուսանողները, «Ցեղասպանութեան անհիմն պնդումներու հետ պայքարի միութիւն»ի հետ գործակցաբար, Ամերիկայի նախագահ Պարաք Օպամային ուղղեալ 3 հազար նամակներ գրի առած են անգլերէնով եւ թրքերէնով, որպէսզի ան Ապրիլ 24ին Հայկական Ցեղասպանութիւն բառերը չգործածէ:
Նամակին մէջ կը նշուի, որ թուրք պետութիւնը դարեր շարունակ «մարդասիրական վերաբերում եւ լայնախոհութիւն» ցոյց տուած է իր հպատակութեան տակ ապրող ժողովուրդներուն։
Օպամայի ուղղեալ նամակին մէջ ըսուած է. «Սփիւռքահայերու գերագոյն նպատակն է աշխարհի հզօրագոյն երկրին՝ Ամերիկային, կողմէ ընդունելի դարձնել Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Յարգելի Օպաման այս տարի իր խօսակցութեան մէջ թերեւս «ցեղասպանութիւն» բառը պիտի չգործածէ, բայց մենք դարձեալ նամակի արշաւի մը կը ձեռնարկենք, որպէսզի ան 1915ի դէպքերուն առնչութեամբ թուրք ժողովուրդը յուզող արտայայտութիւններ չկատարէ»։